ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հոկտեմբեր 12ին, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճար ժամանեցին ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան, ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան, Հայ Քոյրերու, «Մերտինեան» ու Ալֆրէտ եւ Մարկարէթ Յովսէփեան վարժարաններու աշակերտները, եւ նախ «Զօրայեան» թանգարան այցելելով՝ ականատես եղան հնատիպ գիրքերու ցուցադրութեան:
Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան բարի գալուստ մաղթեց եւ ողջունեց աշակերտներուն ներկայութիւնը: Անոնք եկած էին մասնակցելու Հայերէն առաջին գիրքի տպագրութեան 500ամեակին նուիրուած ձեռնարկին: Ապա սկսաւ գեղարուեստական ծրագիրը.
– Աշակերտական խօսք եւ ուխտ՝ Արմանտ Երջանեան՝ ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանէն.
– Սրբոց Թարգմանչաց շարական՝ «Որք Զարդարեցին» (Վարդան Արեւելցի), կատարեց Մարալ Քիւրտեան՝ ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանէն, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Էլմիրա Սիմոնեանի.
– Նուագ (ջութակ) «Շողեր æան» (Կոմիտաս)՝ Վայք Ոսկեան՝ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանէն.
– Մեներգ «Կիլիկիա»՝ Արմինէ Կուլեան՝ ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանէն, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Կոմիտաս Քէշիշեանի.
– Խմբային արտասանութիւն «Իմ Գիրքս» (Գէորգ Պետիկեան) եւ խմբերգ «Հայոց Տառեր»՝ Հայ Քոյրերու վարժարանէն աշակերտներ.
– Խմբային արտասանութիւն «Արքայութիւն Հայ Լեզուի» (Նշան Պէշիկթաշլեան) եւ խմբերգ «Բարձրիկ Հայաստան»՝ «Մերտինեան» վարժարանէն աշակերտներ.
– Մեներգ «Ուստի Կու գաս Ղարիբ Բլբուլ» (Սայաթ Նովա)՝ Մելընի Պեսնիլեան՝ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանէն.
– Արտասանութիւն «Հայոց Լեզուն» (Յ. Շիրազ) եւ «Մեր Լեզուն» (Համօ Սահեան)՝ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանէն աշակերտներ.
– Նուագ (դաշնակ) «Ճերմակ Աղաւնիներ» (Տիգրան Մանսուրեան)՝ Դաւիթ Քէշիշեան՝ Ալֆրէտ եւ Մարկարիթ Յովսէփեան վարժարանէն.
– Խմբային արտասանութիւն «Հայ Լեզուն տունն է հայուն» (Մուշեղ Իշխան) եւ խմբերգ «Փառք Մեր Ազգութեան»՝ «Յովսէփեան»էն աշակերտներ, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Էլմիրա Սիմոնեանի:
Ապա կատարուեցաւ Սեպտեմբեր 7ի աշակերտական մրցոյթի մասնակիցներուն պարգեւատրումը: Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի փակման խօսքէն առաջ, խօսք առաւ յատկապէս Լիբանանէն հրաւիրուած Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Դարուհի Յակոբեան վարժարանի նախկին տնօրէն Ժիրայր Դանիէլեանը, որ մեծապէս գնահատեց աշակերտներուն ներկայացուցած հիանալի յայտագիրը եւ շնորհաւորեց Լորա Գույումճեանը, որ սքանչելի կերպով կազմակերպած էր զայն: Այնուհետեւ օրհնութեան իր խօսքին մէջ առաջնորդը գնահատեց աշակերտութեան մասնակցութիւնը Հայ գիրքի 500ամեակին առիթով կազմակերպուած սոյն ձեռնարկին: Ան իր խօսքը ուղղելով աշակերտութեան՝ ըսաւ. «Հայ գիրքը մեզի կը փոխանցէ Աստուծոյ պատկերը: Հայերէն առաջին գիրքը 1512ին հաստատեց նոր հանգրուան մը մեր մշակոյթի պատմութեան մէջ, որուն նոր առաջնորդները պիտի ըլլաք դուք»:
Ապա առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որ կազմակերպուած էր Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի տիկնաց միութեան կողմէ, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Մարալ Գրաճեաններուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.