ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հոկտեմբեր 28ին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մեծարեց ծերակոյտի դեմոկրատական մեծամասնութեան ղեկավար Հերի Ռիտը՝ կազմակերպութեան բարձրագոյն եւ ամենահեղինակաւոր՝ «Ազատութիւն» մրցանակով:
Ցաւօք, ծերակուտական Ռիտը, երկու օր առաջ տեղի ունեցած ինքնաշարժի արկածի պատճառով չկրցաւ մասնակցիլ Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած տարեկան հանդիսութեան: Ծերակուտականին շարասիւնը Լաս Վեկասի մայրուղիի վրայ յայտնուած էր վեց մեքենաներու խցանման մէջ: Բարեբախտաբար ծերակուտական Ռիտ լուրջ վնասներ չէր կրած՝ բացի կողոսկրներու քանի մը վնասուածքներէն:
Հանդիսութեան ժամանակ իմ ներածական խօսքիս մէջ նշեցի, որ Հայ Դատի յանձնախումբը կը մեծարէ Ամերիկայի ամենաազդեցիկ օրէնսդիրներէն մէկը ազգին մատուցած անոր բացառիկ ծառայութիւններուն եւ հայ ժողովուրդի ձգտումներուն անոր երկարամեայ աջակցութեան համար:
Ես շեշտեցի, թէ՝ «մեծամասնութեան ղեկավարը ջանասիրաբար աշխատած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ամենաբարձր օղակներուն մէջ, յաճախ լուռ ու մունջ՝ ամերիկահայերու հարցերն ու արժէքները պաշտպանելու համար: Ան հովանաւորած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար ծերակոյտին կողմէ ներկայացուած բոլոր բանաձեւերը»:
Հանդիսութեան ընթացքին ծերակուտական Ռիտի յարգելի բացակայութեան պատճառով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան կարդաց ծերակուտականին պատրաստած ելոյթը եւ անոր անունով ընդունեց «Ազատութեան» մրցանակը: Ստորեւ կը ներկայացնենք ծերակուտական Ռիտի ելոյթի կարեւոր հատուածները.
«Կը ցաւիմ, որ ինքնաշարժի արկածի պատճառով չեմ կրնար ձեզի հետ ըլլալ այս երեկոյ: Ես բարձր կը գնահատեմ Յարութ Սասունեանը՝ լոպիինկի բնագաւառէն ներս անոր կատարած երկարամեայ գործունէութեան համար, եւ ի վերջոյ, իր բարեկամութեան համար:
«Անշուշտ, Հայ Դատի յանձնախումբը միշտ ալ առաջնակարգ եղած է Հայաստանին եւ ամերիկահայ համայնքին սատարելու գործին մէջ անոնց համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հարցերուն:
«Ես վայելած եմ ամերիկահայերուն ընկերութիւնը՝ մարաթոն վազքերու իմ մարզընկեր Արթ Դակեսեանէն սկսեալ, մինչեւ իմ ընկեր ու նախկին փաստաբանական գրասենեակի յաճախորդ Գըրգ Գըրգորեանը:
«Ծնելով Սըրչլայթ, Նեւատայի տան մը մէջ, որ զուրկ էր ներքին պէտքարանէ, տաք ջուրէն եւ այլ ժամանակակից յարմարութիւններէ, ծանր կը տանէի այդ իրավիճակը: Իմ ծնողներս ուսում չունէին. հայրս չէր աւարտած ութերորդ դասարանը, իսկ մայրս միջնակարգ դպրոցը: Պատանեկութեանս տարիներուն զիս շրջապատող բաները, մեծ մասամբ, օրինակելի չէին եղած:
«Երկար տարիներ անցան, մինչեւ որ ես իսկապէս ընդունեցի իմ ով ըլլալս: Բայց իմ պատանեկութիւնս, իմ ծննդավայրս ու պայմաններս զիս դարձուցած էին այն, ինչ եմ ես այսօր: Երբ ես այդ մէկը հասկցայ, դարձայ աւելի լաւ մարդ եւ աւելի լաւ ամերիկացի:
«Ուստի, կ՛ըսեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին՝ ի՛նչ ալ ըլլան ձեր կեանքի պայմանները, ընդունեցէք զանոնք: Քանի որ Ամերիկայի մէջ անիկա կարեւոր չէ, ես կը վկայեմ այդ մասին: Կարեւոր չեն ձեր տնտեսական պայմանները, կրօնը, ծնողներու կրթութիւնը կամ ազգային ծագումը: Ամերիկայի մէջ բոլորս ալ կրնանք յաջողութեան հասնիլ: Կարճ ըսեմ, հպարտ եղէք անով, թէ ով էք դուք:
«Ես ուրախ եմ, որ կ՛ընդունիմ այս մրցանակը եւ կը վերահաստատեմ իմ աջակցութիւնս ամերիկահայ համայնքին:
«Կը կրկնեմ՝ Հայ Դատի յանձնախումբը միշտ ալ առաջնակարգ եղած է Հայաստանին եւ ամերիկահայ համայնքին սատարելու գործին մէջ՝ անոնց համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հարցերուն:
«Դուք յաջողութեան հասած էք Հայոց Ցեղասպանութեան իսկական պատմութիւնը պետութեան ղեկավարներու ուշադրութեանն արժանացնելու գործին մէջ:
«Իբրեւ մեծամասնութեան ղեկավար՝ ես հազուադէպ եղած եմ օրէնսդրական աքթերու համահովանաւոր: Սակայն ես Հայաստան այցելած եմ, գիտեմ Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, այդ իսկ պատճառով եղած եմ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւերու երկարամեայ համահովանաւոր:
«Որպէսզի առաջ երթաք, կարծեմ՝ պէտք է ընդունինք անցեալը, որքան ալ անիկա դժուար եւ ցաւալի ըլլայ: Պէտք է յարգենք զոհերու յիշատակը եւ յարգանքի տուրք մատուցենք վերապրողներուն:
«Ինծի բախտ վիճակուած է ներկայացնել Նեւատայի բարգաւաճ եւ կենսունակ հայկական համայնքը, որ շուտով պիտի աւարտէ նոր եկեղեցւոյ շինարարութիւնը Լաս Վեկասի մէջ: Հայաստան գտնուելուս ընթացքին ես այցելեցի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ հանդիպեցայ կաթողիկոսին հետ:
«Հայկական համայնքին տոկունութիւնը եւ ուժը Նեւատայի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ամբողջ Միացեալ Նահանգներու, վկայութիւն է եւ պատիւ անոնց համար, զորս կորսնցուցած էք Ցեղասպանութեան ժամանակ: Մենք պէտք է միշտ աչալուրջ ըլլանք Հայոց Ցեղասպանութեան նման դաժանութիւններու հանդէպ, որպէսզի անոնք աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ երբեք տեղի չունենան»:
Ծերակուտական Ռիտ կոչ ուղղեց բոլորին՝ «յարգելու եւ յիշելու այդքան բազմաթիւ զոհերու կորուստը՝ շուրջ 100 տարի առաջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին»:
Ծերակոյտի մեծամասնութեան ղեկավարը նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ՝ «Օպամայի վարչակազմը եւ Քոնկրեսի շարք մը անդամներ խստօրէն դատապարտեցին Ատրպէյճանի կողմէ ատրպէյճանցի սպային ներում շնորհելը: Սպան ազատ արձակուած էր, հակառակ անոր որ դատապարտուած էր հայ սպան քնացած ժամանակ գազանաբար կացինահարելուն համար: Անոնք երկուքն ալ կը մասնակցէին Հունգարիոյ մէջ կայացած ՆԱԹՕի դասընթացներուն, ուր տեղի ունեցած էր սպանութիւնը»։
Ծերակուտական Ռիտ իր խօսքը աւարտեց կոչ ընելով ամերիկահայութեան՝ «շատ հպարտ ըլլալ այնտեղով, ուրկէ դուք եկած էք, եւ ձեր հայկական ժառանգութեամբ»:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ծերակուտական Ռիտի հետ միասին մեծարեց նաեւ գործարար Վարանդ Մելքոնեանը, պատուելի Յովսէփ Մաթոսեանը, տոքթ. Ռուբինա Փիրումեանը եւ գրող Քրիս Պոհջալեանը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքէջը