– Մինչ Միացեալ Նահանգներու բանտերուն մէջ առանձնացեալ բանտախուցերու մէջ պահուողներուն համեմատութիւնը միայն 3 առ հարիւր է, բանտի մէջ անձնասպանութեան դիմողներուն 50 տոկոսը նման բանտարկեալներ են:
– Ֆլորիտայի մէջ ինքնապաշտպանութեան նպատակով սեւամորթ մը սպաննողներուն 75 տոկոսը անպարտ կը հռչակուի՝ ըստ այդ նահանգի խնդրայարոյց «դիրքդ պաշտանէ» օրէնքին: Այդ համեմատութիւնը 66 տոկոսի կ՛իջնէ, երբ զոհը սպիտակամորթ է:
– Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները 1970էն ի վեր երկիրի Տեղական ընդհանուր արտադրութեան միայն 1.6 տոկոսի համեմատութեամբ գումարներ ծախսած են փոխադրական ծրագիրներու վրայ, ինչ որ նուազագոյն համեմատութիւնն է զարգացած երկիրներու մէջ:
– Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի օգտագործման գրեթէ կէսը կարելի է վերագրել շինարարական մարզին:
– «Նիւ Եորք Թայմզ»ի, «Ուոլ Սթրիթ Ճուրնըլ»ի կամ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի խմբագրական-կարծիք էջերու սիւնակներուն միայն 20 տոկոսը կը գրուի կիներու կողմէ:
– Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր օրաթերթերուն մէջ վիժումի մասին հաստատումներ կատարողներուն 81 տոկոսը տղամարդ է:
– Մինչ Ֆինլանտայի աշակերտները նուազագոյն ժամանակը կ՛անցնեն դասարաններու մէջ, անոնք լաւագոյնը կը նկատուին Եւրոպայի մէջ:
– 2010ին, ահաբեկչական արարքներու զոհ գացած են 15 ամերիկացիներ, մինչ բարձր վայրէ մը ինկող պատկերասփիւռներու զոհ գացած են 16 ամերիկացիներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.