ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Նիւ Եորքի մէջ տեղի կ՛ունենան ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 67րդ նստաշրջանը ու անոր հիմնական կոմիտէներուն աշխատանքները: Օրակարգին վրայ եղող «Ցեղապաշտութիւն, ցեղապաշտական խտրականութեան ու անհանդուրժողականութեան այլ ձեւերու վերացում» կէտով 7 Նոյեմբերին ելոյթ ունեցած է ՄԱԿի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեանը:
Ան դիտել տուած է, որ տակաւին չեն սպիացած Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումներուն վէրքերը՝ նշելով, որ այդ երկիրը կը շարունակէ պետական մակարդակով ատելութիւն քարոզել հայերուն նկատմամբ:
Դեսպանը նիստին մասնակցող ՄԱԿի անդամ երկիրներու ուշադրութեան յանձնած է պաշտօնական Պաքուի հայատեացութեան փաստերը՝ նշելով, որ այս առթիւ կ՛ահազանգէ ողջ միջազգային հանրութիւնը, մասնաւորապէս, ցեղապաշտութեան դէմ պայքար մղող միջկառավարական կառոյցները: Կարէն Նազարեանի ելոյթի առանցքային նիւթն էր մարդասպան Ռամիլի Սաֆարովին ներում շնորհելը, ինչ որ կը հակասէ ոչ միայն միջազգային իրաւունքի մարդասիրական նպատակներուն, այլ մարտահրաւէր կը կարդայ մարդու իրաւունքներու ողջ համակարգին:
Դեսպան Նազարեան նշած է, որ Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ մարդասպանին ներումը անպատժելիութեան սարսափելի օրինակ է, ցեղային հողի վրայ կատարուած յանցագործութեան շարունակութիւն է, որ հետեւանք է տասնամեակներէ ի վեր Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող այլատեացութեան եւ ցեղապաշտական քաղաքականութեան: Ան դիտել տուած է, որ Ատրպէյճան կոպտօրէն կ՛ոտնահարէ «հանդուրժողականութիւն ցուցաբերելու, որպէս բարի դրացիներ խաղաղութեան մէջ համատեղ ապրելու ՄԱԿի նպատակը եւ դրանով իսկ խափանում է վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման գործընթացը տարածաշրջանում»:
Դեսպանը կոչ ուղղած է ՄԱԿին ու միջազգային հանրութեան՝ շարունակելու բողոքի ձայներ բարձրացնել ընդդէմ այս աններելի վարքագիծին, որ, անարգելով մարդու իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը, կը վտանգէ նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.