Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Հոլանտայի տեղական մարմինի վարչութիւնը կը յայտարարէ, որ Հիմնադրամի տարեկան հեռախօսամարաթոնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 16-18՝ «Մեր գիւղը» խորագիրի ներքոյ:
Հեռախօսամարաթոնը, ինչպէս միշտ, կ՛աւարտի Հիմնադրամի տարեկան հեռուստամարաթոնով, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 22ին՝ Գոհաբանութեան օրը:
2012ին ընթացքին հաւաքագրուած միջոցները, մասնաւորապէս Գոհաբանութեան օրը կայանալիք հեռուստամարաթոնի եւ անոր նախորդող Հոլանտայի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ հեռախօսամարաթոններու հասոյթը պիտի ուղղուի Արցախի եւ Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու մէջ համայնքային կեդրոններու կառուցման:
Հոլանտայի հեռախօսամարաթոնի հասոյթը պիտի ուղղուի Արցախի Խաչմաչ գիւղի համայնքային կեդրոնի կառուցման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.