ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա Նաու».– Ազգային ժողովին մէջ Հայաստանի արմատական ընդդիմութեան կողմէ 21 Նոյեմբերին հրաւիրուած արտակարգ նիստին ընթացքին, պատգամաւորներու անհրաժեշտ թիւի չգոյութեան պատճառով ժողովին օրինականութիւնը կարելի չեղաւ ապահովել։
Ոչ իշխանական ուժերը՝ Հայ Ազգային Կոնգրես դաշինքը, Դաշնակցութիւնը, Բարգաւաճ Հայաստան եւ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնները, հրաւիրած էին արտակարգ նիստի՝ քննարկելու համար Հայ Ազգային Կոնգրեսի հեղինակած «Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնների» թղթածրարը:
Նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին հաւանական ընտրական կեղծիքները կանխարգիլելու նպատակով ներկայացուած օրէնսդրական փոփոխութիւններու առաջարկները կը վերաբերէին հանրապետութենէն բացակայողներու տուեալները ընտրական ցանկերէն վերցնելուն, ընտրութիւններէն ետք քուէարկածներու ցանկերու հրապարակման, ընտրատեղամասերուն մէջ տեսախցիկներու տեղադրումին, վստահուած անձերու եւ դիտորդներու լիազօրութիւններու ծիրին ընդարձակման եւ այլն:
Սակայն իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը ի սկզբանէ յայտարարած էր, որ պիտի չմասնակցի նիստին, այդ պատճառով ալ պատգամաւորներու անհրաժեշտ թիւ կարելի չեղաւ գոյացնել եւ ժողովին օրինականութիւնը հաստատել:
Ազգային ժողովին մէջ այդ օրինականութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ է 66 ձայն, մինչդեռ օրէնսդրական փոփոխութիւնները պաշտպանողները կը հաշուէին 53 պատգամաւոր: 21 Նոյեմբերին Ազգային ժողովին մէջ արձանագրուած էին 44 պատգամաւորներ, իսկ բացակայ էին 85 ուրիշներ։
Թէեւ Հայ Ազգային Կոնգրեսի խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեանը 20 Նոյեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած էր, որ նիստը տապալելու իշխող կուսակցութեան քայլը հակասահմանադրական պիտի ըլլայ, քանի որ Սահմանադրութեան 77րդ յօդուածը «ընդդիմութեանը տալիս է որեւէ հարցի քննարկում նախաձեռնելու իրաւունք՝ եթէ նոյնիսկ մեծամասնութիւնը դա չի ընդունում», սակայն Հանրապետականներէն նիստին ներկայ էին միայն Ազգային ժողովի փոխնախարարներ Էդուարդ Շարմազանովն ու Հերմինէ Նաղդալեանը:
ՀՀԿի հետ համաձայնականութիւն գոյացուցած Օրինաց Երկիր կուսակցութենէն եւս ոչ ոք ներկայ էր: «Սա ցոյց է տալիս, որ նրանք պատրաստ չեն Հայաստանում անցկացնել ազատ, արդար ընտրութիւններ, դրա համար ընդդիմութիւնը պէտք է մշակի շատ յստակ քայլեր: Նման քայլերով իշխանութիւնն ըստ էութեան ուզում է փակել ատելի իշխանութիւնը փոխելու որեւէ հնարաւորութիւն», յայտնած է Լեւոն Զուրաբեանը:
ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արմէն Ռուստամեան դիտել տուած է, որ տեղի ունեցածը բարոյագիտական սկզբունքներու խախտում է, եւ որ Դաշնակցութիւնը պիտի դիմէ Էթիկայի յանձնաժողովին՝ քննարկելու բացակայ պատգամաւորներուն հարցը:
Նախապէս Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչները յայտարարած էին, որ ընդդիմութեան այս քայլը կը նկատեն քաղաքական ցուցադրութիւն եւ պիտի չմասնակցին անոր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.