Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Ականջացաւը (ear ache) յաճախակի ախտանշան մըն է, որ կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի եւ առանց սեռի ու գոյնի խտրութեան: Անիկա ականջին շուրջը զգացուած ցաւն է:
Ականջացաւը լաւապէս հասկնալու համար պէտք է գիտնանք, նախ եւ առաջ, ականջի կազմուածքը (anatomy):
Ականջը կազմուած է երեք մասերէ՝
Ա. Արտաքին ականջ
Բ. Միջին ականջ
Գ. Ներքին ականջ։
Ա. Արտաքին ականջը կազմուած է ականջակոնքէ (pinna) եւ արտաքին լսողական անցուղիէ (external canal)։ Ականջակոնքի ստորին բաժինը կը կոչուի ականջի բլթակ (pinna), որ կակուղ եւ փափուկ է։ Արտաքին լսողական անցուղին ունի 25-28 մմ. երկարութիւն: Անոր արտաքին 2/3 մասը կռճիկային հիւսուածքէ շինուած է, իսկ ներքին 1/3 մասը ոսկրային է։ Այս անցքին պատերը ծածկուած են մաշկով մը, որ հարուստ է ճարպ արտադրող գեղձերով. իսկ արտադրուած ճարպը կը կոչուի գէջ (wax)։ Արտաքին ականջը կը վերջանայ բարակ եւ մասամբ մը թափանցիկ թմբկաթաղանթով (ear drum), որ ունի 9 քառակուսի մմ. տարածութիւն եւ 0.1 մմ. հաստութիւն։
Բ. Միջին ականջը կազմուած է թմբկախոռոչէ (middle ear cavity) եւ լսափողէ, որ կը կոչուի եւստաքեան խողովակ, (eustachian tube), անիկա 3.5 սմ. երկարութեամբ բարակ եւ առաձգական խողովակ մըն է եւ կը բացուի քթաըմբանին (nasopharynx) մէջ։ Թմբկախոռոչը լեցուն է օդով, անիկա ետեւի կողմէն հաղորդակցութեան մէջ է քունքոսկրի պտկաձեւ ելուստի (mastoid) օդակիր պզտիկ խոռոչներուն (air cells) հետ։ Լսափողը բնական պայմաններու մէջ շարունակ հաղորդակցութեան մէջ կը մնայ արտաքին աշխարհին հետ քթաըմբանին միջոցաւ, բացի՝ քիթի եւ քթաըմբանի բորբոքումներու ինչպէս նաեւ կլլելու գործողութեան պարագային։ Լսափողը կ՛օդաւորէ միջին ականջը եւ կը նպաստէ միջին ականջի հեղուկի արտաքսումին՝ դէպի քթաըմբան։
Թմբկախոռոչին արտաքին պատն է՝ թմբկաթաղանթը, իսկ անոր ներքին պատին վրայ կան երկու պզտիկ բացիկներ, որոնք կը կոչուին՝ ձուաձեւ պատուհան (oval window) եւ կլոր պատուհան (round window)։ Թմբկախոռոչին մէջ կը գտնուին լսողական երեք ոսկրիկները, որոնք կը կոչուին՝ մուրճ (maleus), սալ (incus) եւ ասպանդակ (stapes)։ Երեք ոսկրիկները միացած են իրարու շարժական յօդերով։ Մուրճը առաջին ոսկրիկն է եւ նստած է թմբկաթաղանթին վրայ, իսկ ասպանդակը երրորդ ոսկրիկն է եւ նստած է ձուաձեւ պատուհանին վրայ, որ սկզբնաւորութիւնն է ներքին ականջին։
Թմբկախոռոչը կը պարունակէ նաեւ երկու պզտիկ մկաններ, որոնք կը գործեն երեք ոսկրիկներուն հետ: Անոնք կը հակակշռեն միջին ականջ հասնող զօրաւոր ձայները եւ կը կծկուին երգելու, ձայնամարզութեան եւ ձիւթ ծամելու ընթացքին։ Թմբկախոռոչին մէջ կը գտնուի նաեւ «քորտա թիմբանի» ջիղը, որ կապակցութիւն ունի ենթածնօտային (submandibular) եւ ենթալեզուային (sublingual) լորձնաբեր գեղձերուն (salivary glands) հետ։
Դէմքի ջիղը ուղեղէն դուրս ելլելէ ետք կ՛անցնի թմբկախոռոչի ստորին պատին մէջէն: Միջին ականջի որեւէ մէկ բորբոքում կրնայ իր ժխտական անդրադարձը ունենալ դէմքի ջիղին վրայ եւ յառաջացնել դէմքի մասնակի կամ ամբողջական անդամալուծութիւն։
Գ. Ներքին ականջը բարդ կառուցուածք մըն է եւ անոր համար կը կոչուի բաւիղ (labyrinth)։ Անիկա ամբողջուգթեամբ կազմուած է ոսկրային եւ թաղանթային բաւիղներէ: Ոսկրային բաւիղին մէջ կը գտնուի թաղանթային բաւիղը։ Երկու բաւիղներու միջեւ եղած տարածութիւնը լեցուն է արտաքին աւիշով (perilymph), իսկ թաղանթային բաւիղը լեցուն է ներքին աւիշով (endolymph)։ Ներքին ականջը ունի իր ենթաբաժանումները՝ անդաստակ (vestibule), խխունջ (choclea) եւ երեք կիսաբոլոր խողովակներ։
Խխունջը ինքնիր վրայ պարուրուած է 2.5 անգամ: Անոր թաղանթային բաժնին մէջ կը գտնուի լսողական «քորթեան օրկան»ը (organ of corti), որ ծածկուած է տարբեր երկարութեամբ եւ հաստութեամբ շուրջ 30,000 լարերով, որոնց վրայ կը գտնուին թելանման ձայնազգաց մազային եւ յենարան բջիջները: Այս բջիջներու միացումով կը կազմուին լսողական ջղական թելիկները, որոնց միացումով կը կազմուի լսողական ջիղը։ Բարձր ձայները կ՛ընկալուին խխունջի յատակի լայն բաժինէն, իսկ մեղմ ձայները կ՛ընկալուին խխունջին գագաթի բաժինէն։
Կիսաբոլոր խողովակները, իրենց շարուածքին համաձայն, կը կոչուին՝ վերին, յետին եւ ուղղաձիգ կիսաբոլոր խողովակներ: Անոնց մէջ զետեղուած են թելանման բջիջներ, որոնք կը գրգռուին մարմինի եւ գլուխի շարժումին հետ, մասնաւորաբար անոր ուղղութեան եւ արագութեան փոփոխութեան միջոցին: Ասոնք հաւասարակշռութեան ջիղի նախնական բջիջներն են։ Այս բջիջներու միացումով կը կազմուի հաւասարակշռութեան ջիղը, որ միանալով լսողական ջիղին, կ՛ուղղուի դէպի ուղեղ։ Կիսաբոլոր խողովակները ուղեղին կը հայթայթեն որոշ տեղեկութիւններ՝ մարմինի դիրքին եւ կացութեան ու գլխու շարժումներուն մասին։
Անդաստակին մէջ կը գտնուին պարկիկը (saccule) եւ արգանդիկը (utricle), որոնք բարակ անցքերով կը միանան խխունջին եւ կիսաբոլոր խողովակներուն։ Անոնք կը պարունակեն յատուկ մազային բջիջներ, որոնք կը նշմարեն գլխու հորիզոնական եւ ուղղաձիգ շարժումները: Հոն կը գտնուին նաեւ կրակիրային (calcium carbonate) բիւրեղներ եւ ցպիկներ (otoliths), որոնք յաճախ կը տեղափոխուին կիսաբոլոր խողովակներուն մէջ եւ կը յառաջացնեն գլխապտոյտ։
Կարելի է ըսել որ անդաստակի պարկիկը եւ արգանդիկը կ՛օժանդակեն կիսաբոլոր խողովակներու գործունէութեան:
Ականջացաւը կը նկարագուի տարբեր-տարբեր որակումներով, օրինակ՝ մնայուն, խուլ, մակերեսային, խորունկ, սուր, զօրաւոր եւ հարուածային: Յաճախ անոր կ՛ուղեկցին զանազան այլ ախտանշաններ համաձայն ականջացաւի ախտապատճառներուն:
Ականջացաւը ախտանշան մըն է եւ ոչ թէ ախտ մը: Անիկա կը յառաջանայ տեսակաւոր հիւանդութիւններով եւ պատճառներով, որոնք ունին երկու խմբաւորումներ.
Ա. Հիմնական-առաջնահերթ (primary) ախտապատճառներ.
Բ. Երկրորդական (secondary) պատճառներ:
(Շար. 1)