ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Արցախի շուրջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ հակամարտութիւնը ոեւէ մէկուն իրաւունք չի տար ցեղապաշտական եւ վիրաւորական արտայայտութիւններ ընելու սահմանէն այն կողմ գտնուող մարդոց հասցէին: Նոյնիսկ պատերազմական պայմաններուն մէջ գոյութիւն ունին վարքագիծի քաղաքակիրթ չափանիշներ:
Քանի որ այս երկու դրացի երկիրները կը գտնուին բարդ բանակցութիւններու մէջ՝ իրենց դժուարին հակամարտութիւնը լուծելու համար, անպատասխանատուութիւն է կրակին վրայ իւղ թափել՝ հրահրելով ազգամիջեան ու միջկրօնական ատելութիւնը եւ բորբոքելով կուտակուած զգացումները: Մինչ որոշ հայեր կրնան ներգրաւուիլ պարբերաբար դրսեւորուող զգացական պոռթկումներու մէջ, Ատրպէյճանի ղեկավարները ցեղապաշտական յայտարարութիւններն ու հակահայկական սպառնալիքները դարձուցած են պետական քաղաքականութիւն:
Նման ամօթալի վարքագիծը պատճառ դարձաւ, որ արցախեան հակամարտութիւնը տարածուի Հունգարիոյ մէջ (օգտագործելով կացինը), Մեքսիքոյի մէջ (հինգ միլիոն տոլար արժողութեամբ շռայլ նուէր խոստանալով պուրակի մէջ Ալիեւի արձանի տեղադրման համար՝ հակահայկական յուշատախտակով) եւ այլ երկիրներու մէջ, որոնք հազարաւոր քիլօմեթրեր հեռու կը գտնուին հակամարտութեան իսկական թատերաբեմէն:
Այժմ ատրպէյճանցիները որոշած են արցախեան պատերազմը փոխադրել Հոլիվուտ, երբ Հայաստան «Օսքար»ի համար պաշտօնապէս ներկայացուց «Եթէ բոլորը…» խորագիրը կրող անմեղ ժապաւէն մը՝ «Լաւագոյն արտասահմանեան ժապաւէն» անուանակարգին: Ժապաւէնի ամերիկեան բացումը կայացաւ անցեալ շաբաթ, Հոլիվուտի մէջ, «Արփա» միջազգային ժապաւէնի փառատօնին:
Հայկական ժապաւէնին մէջ ներկայացուած է պատմութիւնը երիտասարդ ռուս աղջկայ մը, որուն հայրը զոհուած է արցախեան պատերազմի ժամանակ: Քսան տարի անց ան կու գայ Հայաստան՝ յուսալով հօր զօրամասի հրամանատարին օգնութեամբ գտնել իր հօր անանուն գերեզմանը: Երկար փնտռելէն ետք երիտասարդ աղջիկը կը բացայայտէ, որ հօր գերեզմանը կը գտնուի սահմանին միւս կողմը՝ Ատրպէյճանի տարածքին: Ան եւ հայ հրամանատարը գիշերուան քողի տակ գաղտնի կ՛անցնին սահմանագիծը եւ մինչ կեչիի ծառ կը տնկէին աղջկան հօր գերեզմանին, կը բախին զինուած ատրպէյճանցի հովիւին, որ կը սպառնայ կրակել անոնց վրայ: Յետոյ իմանալով, որ աղջկան հայրը թաղուած է այնտեղ, ատրպէյճանցին անոնց առիթ կու տայ անվնաս հեռանալու՝ ցաւը սրտին անոնց պատմելով, որ իր 10ամեայ որդին եւս զոհուած է պատերազմի ժամանակ՝ կոխելով ականի մը վրայ:
Ատրպէյճանցի հովիւը կը պատմէ, որ ան չի կրնար այցելել իր զաւակին գերեզմանը, քանի որ անիկա կը գտնուի Արցախի մէջ: Ժապաւէնը կ՛աւարտի բարձր նոթայի վրայ՝ հրաշալի ժեսթով, երբ ռուս աղջիկը եւ անոր հայ ուղեկիցը ուրիշ ծառ մը կը տնկեն այս անգամ արդէն ատրպէյճանցի տղուն գերեզմանին:
Թէեւ ժապաւէնը չ՛ընդգրկեր հակաատրպէյճանական հռետորութիւն եւ չի ցուցադրեր որեւէ տեսարան Ղարաբաղի պատերազմէն, այնուամենայնիւ ատրպէյճանցի լրագրողները խստօրէն քննադատած են ժապաւէնը՝ առանց պատկեր մը իսկ դիտելու: Ակնյայտ է, որ հայկական ժապաւէն ըլլալու հանգամանքը արդէն բաւարար պատճառ է անոնց համար՝ փորձելու խոչընդոտել ժապաւէնի ներկայացման Ակադեմիոյ մրցանակաբաշխութեան: Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները ժապաւէնը կեղծօրէն որակած են իբրեւ «քարոզչական ժապաւէն» եւ «Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի սանձազերծած տեղեկատուական պատերազմ»ի օրինակ:
Հարցերը ա՛լ աւելի վատթարացնելով՝ ատրպէյճանցի լրագրող Ալի Հաճիզատէն յարձակեցաւ Շարժապատկերի արուեստի եւ գիտութեան ակադեմիոյ խօսնակ Թենի Մելիտոնեանին վրայ, միայն անոր համար, որ ան ծագումով հայ է:
Իբրեւ իր պաշտօնական պարտականութեան մաս, ան մամլոյ հաղորդագրութիւն հրապարակած էր՝ նշելով այն 71 արտասահմանեան երկիրներուն անունները, որոնք ժապաւէններ ներկայացուցած էին «Օտար լեզուով լաւագոյն ժապաւէն» անուանակարգին, ներառեալ՝ Հայաստանը, Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան:
Ատրպէյճանցիներուն համար կարեւոր է հասկնալ, որ նման ցեղապաշտական ելոյթները տեղ չունին քաղաքակիրթ հասարակութեան մէջ: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով եւ ոչ թէ՝ այլատեացութեան վիրաւորանքներ շպրտելով: Օր մը, երբ խաղաղութիւնը վերահաստատուի շրջանին մէջ, հայերն ու ատրպէյճանցիները պէտք է կողք-կողքի ապրին ոչ թէ իբրեւ թշնամիներ, այլ իբրեւ դրացիներ եւ ընկերներ: Ատելութիւն եւ ցեղապաշտութիւն սերմանող ատրպէյճանցիները ոչ միայն ցեխ կը շպրտեն իրենց սեփական հեղինակութեան վրայ, այլեւ անտեղի կը խորացնեն եւ կ՛երկարաձգեն երկու ժողովուրդներու միջեւ առկայ հակամարտութիւնը:
Բարեբախտաբար հայերը զերծ մնացին «Օսքար»ի համար Ատրպէյճանի ներկայացուցած ժապաւէնի դէմ պատասխան քայլերէն: Քաղաքական պայքարը պէտք չէ փոխակերպուի մշակութային պատերազմի կամ անձնական վրէժխնդրութեան: Թող յաղթէ լաւագոյն ժապաւէնը, անկախ անկէ՝ ան պիտի արտադրուի հայու, ատրպէճանցիի կամ թուրքի կողմէ: Այս տարուան Դեկտեմբեր 20ին Ակադեմիան պիտի յայտարարէ «Օտար լեզուով լաւագոյն ժապաւէն» անուանակարգի ինը ֆիլմերուն, 2013 թուականի Յունուար 10ին՝ հինգ եզրափակիչի հասած կարճ ցանկը, իսկ 2013 թուականի Փետրուար 24ին՝ «Օսքար»ի յաղթողը:
«Եթէ բոլորը…» ժապաւէնը միասնաբար արտադրած են Թերեզա Վարժապետեանը եւ մրցանակակիր դերասան ու բեմադրիչ Միքայէլ Պօղոսեանը, որ ֆիլմին մէջ կը խաղայ հայ հրամանատարին դերը: Ժապաւէնի բեմադրիչն է Նաթալիա Պելիաուսկենէն, իսկ երիտասարդ ռուս աղջկան դերակատարը՝ Եկատերինա Շիտովան: Ժապաւէնը ցուցադրուած է Երեւանի, Մոսկուայի, Փարիզի, Պուքրէշի, Հոլիվուտի մէջ եւ արժանացած՝ շարք մը մրցանակներու միջազգային ժապաւէնի փառատօներուն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքէջը