ԹԱՀԱՆԿԱ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով, Կիրակի, Նոյեմբեր 25ին, Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց հիւրաբար թեմը այցելող Արցախի Հայոց թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան: Ս. սեղանին սպասարկեցին ծուխի հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Աբովեան եւ սարկաւագները:
Քարոզէն առաջ, տէր հայրը հաւատացեալներուն ներկայացուց Արցախի առաջնորդը եւ Արցախի հոգեւոր առաքելութեան եւ թեմի առաւել պայծառութեան մասին եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց:
Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր հաւատացեալները առիթը ունեցան անձամբ ողջունելու բարձրաստիճան հիւր հոգեւորականը եւ ստանալու իր օրհնութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.