
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Արփա» հիմնարկին կազմակերպութեամբ, տեղի պիտի ունենայ «Համշէնցիներն ու Համշէնի հայկական տեղանունները» խորագիրով դասախօսական ձեռնարկը, որուն բանախօսն է Լուսինէ Սահակեանը:
Դասախօսութիւնը պիտի ներկայացնէ ներկայ Թուրքիոյ Արդվին եւ Ռիզէի նահանգի Համշէն (Հեմշին), Չամլըհեմշին, Արտաշէն գաւառներուն մէջ բնակող համշէնցիներուն ներկայ վիճակը՝ պատմական լոյսի ներքեւ, ինչպէս նաեւ համշէնցիներու խօսակցական թրքերէնին մէջ այսօր իսկ գործածուող հայկական մանրատեղանուններու մասնագիտական վերլուծութիւնը:
Նոր հրատարակուած «Համշէնի Մանրատեղանունները» գիրքին (հայերէն, թրքերէն, ռուսերէն) մէջ առաջին անգամ ըլլալով գիտական շրջանառութեան մէջ դրուած է շուրջ հարիւր մանրատեղանուններ, զորս Լուսինէ Սահակեանը գրառած է նշեալ շրջաններուն մէջ 2010-11ին կատարած իր աշխատանքներուն ընթացքին: Դասախօսութիւնը պիտի անրադառնայ նաեւ Ռիզէի եւ Արդվինի համշէնցիներու ժողովրդագրական իրավիճակին:
Լուսինէ Սահակեան Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) արեւելագիտութեան բաժանմունքի թրքագիտութեան ամպիոնի դոցենտ է, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու: Ունի շարք մը գիտական հրապարակումներ՝ նուիրուած Հայաստանի պատմական ժողովրդագրութեան, հայկական տեղանուններու ուսումնասիրութեան եւ համշէնահայերու պատմութեան: Հեղինակ է երեք մենագրութեանց՝ «Բարձր Հայքի Բաբերդ, Սպեր, Դերջան գաւառների տեղանուններն ու ժողովրդագրութիւնը XVI դարի Օսմանեան աշխարհագիր մատեաններում» (Երեւան, 2007, 307 էջ), «Տեղանունների թուրքացման քաղաքականութիւնը Օսմանեան կայսրութիւնում եւ հանրապետական Թուրքիայում» (Մոնրթէալ, 2010-2011, 70 էջ, անգլերէն, հայերէն, ռուսերէն), եւ վերոնշեալ «Համշէնի մանրատեղանունները» (175 էջ): 2008էն ի վեր ԵՊՀի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի հայ-օսմանական առնչութիւններու բաժինի ղեկավարն է: Շարք մը դասախօսութիւններով հանդէս եկած է Միացեալ Նահանգներու, Յունաստանի եւ Իրանի մէջ:
Դասախօսական սոյն ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին, (818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org հասցէով: