
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 6 Դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացած է Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարինէ Ղազինեանը: Այս մասին Հայաստանի կառավարութեան նիստին տեղեկացուցած է Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը: Այս առիթով նիստէն առաջ կառավարութիւնը վայրկեան մը յոտկնայս լռութեամբ յարգած է Կարինէ Ղազինեանի յիշատակը:
«Արմէնփրէս»ին հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, դիւանագէտին մահուան պատճառը վիրահատական յաջորդած բարդութիւնն էր:
Կարինէ Լորիսի Ղազինեան (Կրոյեան) ծնած է 8 Յունուար 1955ին, 1977ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքի ռոմանա-գերմանական բաժինը:
Խորհրդային միութեան տարիներուն աշխատած է տարբեր երկիրներու դեսպանատուներուն մէջ։ 1997-1999ին եղած է Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար, ապա՝ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան: 2001-2009ին եղած է Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան: 2009 Մարտէն-2011 Սեպտեմբեր վարած է Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարի պաշտօն՝ ըլլալով Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն մերձեցման համաձայնագիրի գծով հիմնական բանակցողը։ 2011 Սեպտեմբերէն կը վարէր Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպանի պաշտօն։
Պարգեւատրուած է Մխիթար Գոշի մետալով, Ռումանիոյ Մեծ Խաչի ազգային շքանշանով: