
ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7ին, Եգիպտոսի նախագահի ընդդիմադիրները պաշտօնապէս յայտարարեցին, թէ կը մերժեն նախագահ Մուհամմատ Մուրսիի կողմէ մէկ օր առաջ կատարուած երկխօսութեան հրաւէրը, որովհետեւ ան կը շարունակէ պաշտպանել իր լիազօրութիւնները ընդարձակելու եւ ինքզինք դատական մարմիններէն վեր դասելու կեցուածքը: Առաջարկը մերժած ընդդիմադիրներու կոչին անսալով՝ բազմահազար եգիպտացիներ Թահրիր հրապարակ ուղղուեցան, շարունակելու համար նախագահին դէմ սկսած ցոյցը, որ «կարմիր քարտ» նշանաբանը որդեգրած է՝ պահանջելով նախագահին հեռացումը: Հակառակ ապահովական մարմիններու սպառնալիքներուն, հազարաւոր ցուցարարներ նաեւ ուղղուեցան նախագահական պալատ, ուր բանակը փշաթելեր զետեղած է եւ հրասայլեր հաստատած: «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Մուրսիի վրայ ճնշումներ կը գործադրուին, որպէսզի ան լարուածութիւնը մեղմացնելու համար զիջումներ կատարէ: