ԼՈՆՏՈՆ.- «Ֆայնենշըլ Թայմզ» թերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտարարած է, որ ամերիկեան իշխանութիւնները մտադիր են խոչընդոտել Խորհրդային Միութեան նոր տարբերակին ստեղծումը: Քլինթըն նշած է, որ նոր Խորհրդային Միութիւնը կրնայ վերստեղծուիլ տնտեսական կապերու հիման վրայ եւ Մաքսային միութիւն կամ Եւրասիական միութիւն անուանումով: Ան նաեւ ըսած է, որ ռուսական իշխանութիւնները այդ նախագիծին կ՛աջակցին՝ դրացիներու հետ տնտեսական կապերու խորացման նպատակով:
«Եկէք սխալներ չգործենք: Մենք գիտենք ատոր նպատակը ի՛նչ է, եւ պիտի փորձենք գտնել արդիւնաւէտ միջոցներ՝ այդ հոլովոյթը դանդաղեցնելու կամ կանխարգիլելու համար», ըսած է Քլինթըն:
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբերի սկիզբը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրապարակած էր յօդուած մը, որուն մէջ անդրադարձած էր Եւրասիոյ համար տնտեսական նոր միութիւն մը կազմելու նախագիծին:
Փութին նշած էր, որ Ռուսիոյ, Պելոռուսի եւ Ղազախստանի մասնակցութեամբ, Մաքսային միութիւնը եւ միացեալ տնտեսական տարածքի ստեղծումը ապագային կրնան Եւրասիական միութեան ստեղծման հիմք հանդիսանալ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.