ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան զօրամասերէն մէկուն մէջ, Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10ին զինուոր մը անձնասպան եղաւ:
Նաեւ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հիւանդանոցին մէջ, Կիրակի գիշեր մահացած է Հոկտեմբերին պարտադիր զինուորական ծառայութեան կանչուած այլ զինուոր մը, որ նմանապէս անձնասպանութեան դիմած էր:
Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին բանակին մէջ ծառայող առնուազն չորս զինուորներ մահացած են՝ տարբեր հիւանդութիւններու հետեւանքով:
Դեկտեմբեր 10ի տուեալներով՝ բանակը այս տարուան ընթացքին 93 զոհ տուած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.