
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 13 Դեկտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեանը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գա-լստեանը եւ լիբանանահայ էստրատային երգիչ Ատիս Հարմանտեանը։
Նախարար Յակոբեան բարձր գնահատեց Համազգայինի դերը՝ Լիբանանի մէջ ապրող եւ ստեղծագործող հայ արուեստագէտներուն աջակցելու եւ հայրենիքի մէջ անոնց գործունէութիւնը ճանաչելի դարձնելու իմաստով:
«Հայ երգը լաւագոյն զէնքն է, որով կարելի է հայրենիքից դուրս հային հայ պահել: Դուք կարողացել էք օգտագործել այդ զէնքը: Ձեր երգն ու գործը գնահատուել է նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմից: Իրաւամբ, դժուար է արժանանալ Արամ Առաջին կաթողիկոսի բարձր գնահատականին», նշեց նախարարը:
Ապրելով եւ ստեղծագործելով Լիբանանի մէջ՝ երգիչ Ատիս Հարմանտեան կրցած է տարիներ շարունակ ներկայացնել հայ երգը Սփիւռքի մշակութային մայրաքաղաք Լիբանանի, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներու եւ Հայաստանի մէջ։
Սփիւռքի մէջ հայկական արուեստը, յատկապէս հայ երգը տարածելուն, երգարուեստի բնագաւառին մէջ ստեղծագործական եւ կատարողական բարձր վարպետութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման ծիրին մէջ ներդրում ունենալուն համար նախարար Յակոբեան Ատիս Հարմանտեանը պարգեւատրեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով:
Վաստակաշատ արուեստագէտ Ատիս Հարմանտեան այս առիթով նշեց, որ իրեն համար իսկապէս անակնկալ էր նման բարձր պարգեւի արժանանալը։
«Բազմաթիւ երկիրներու մէջ արժանացած եմ գնահատանքի եւ սիրոյ, սակայն ամբողջ կեանքիս ընթացքին՝ ներկայացնելով հայ երգարուեստը, ժողովուրդիս մշակոյթը, ինծի համար կարեւոր էր հայրենիքիս մէջ ճանչցուիլն ու այստեղ գնահատանքի արժանանալը», ըսաւ արուեստագէտը:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարին՝ յատկապէս նշելով անոր ցուցաբերած աջակցութիւնը եւ դրսեւորած վերաբերումը սուրիահայութեան նկատմամբ։ Ան հաստատեց, որ Սփիւռքը արդէն գիտէ, որ ինք այլեւս անտեսուած չէ:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնարկի նախագահ Լիլիթ Գալստեան ուրախութիւն յայտնեց այն երեւոյթին համար, որ հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու հաստատումն ու մերձեցումը սփիւռքի նախարարութեան միջոցով կը կատարուի։
«Հերթական հանդիպումն այս թանկ օջախում գալիս է վկայելու, թէ որքան կարեւոր է տիկին Յակոբեանի ուշադրութիւնը սփիւռքի հայ համայնքների համար», նշեց Գալստեան:
Նշենք, որ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին ժողովրդական երգեր մեկնաբանած են Ատիս Հարմանտեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ կազմակերպուած «Երգ Երգոց» մրցումին այս տարուան յաղթողներ Վարանդա Եագուպեան եւ Ալիս Իփրաճեան։
Նախարար Յակոբեան հրաւիրած է երգիչը՝ նաեւ իր մասնակցութիւնը բերելու նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող ձեռնարկներուն եւ փառատօներուն։