ՊՈԼԻՍ.- Վերոնշեալ խորագիրով, Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14ին, թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին մէջ յօդուած մը ստորագրած է Ճէյմզ Տորսի՝ մատնանշելով, թէ այս ամսուան սկիզբը, Թաւրիզի ֆութպոլի խումբի համակիրներուն վրայ ոստիկաններու յարձակումը միայն մէկ երեսն է Իրանի Արեւելեան Ատրպէյճանի նահանգին մէջ հետզհետէ աւելի սրող միջցեղային լարուածութեան:
Թեհրանի մէջ կայացած ֆութպոլի մրցումի մը ընթացքին, ոստիկաններ յարձակած են համակիրներու վրայ, երբ անոնք սկսած են բողոքելու իշխանութեանց դէմ՝ պնդելով, թէ կառավարութիւնը բաւարար օժանդակութիւն չէ տրամադրած Օգոստոսին տեղի ունեցած երկրաշարժէն տուժածներուն: Համակիրները նաեւ վարկաբեկած են Իրանի կրօնապետները: Յայտնի չէ, թէ ոստիկաններու յարձակումին ընթացքին քանի՞ համակիր վիրաւորուած կամ ձերբակալուած է:
Յօդուածագիրը կը գրէ, թէ Արեւելեան Ատրպէյճանը Իրանէն անջատելու շարժումները զսպելու նպատակով, Իրանի կեդրոնական իշխանութեանց քայլերը աւելի խստացած են յատկապէս, որովհետեւ տնտեսական վիճակը վատթարացած է՝ միջազգային շրջափակումին պատճառով:
Տորսի նաեւ կը նշէ, թէ Արեւելեան Ատրպէյճանի մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ Ուրմիոյ լիճի ապականման դէմ պայքարին մէջ՝ կառավարութեան անբաւարար քայլերուն պատճառով, եւ կ՛աւելցնէ, թէ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, երբ ապահովական ուժերը չեն արտօնած Թաւրիզի ֆութպոլի խումբի համակիրներուն, որ Թեհրանի այլ կազմի մը դէմ մրցումի ընթացքին դաշտ մտնեն, անոնք դաշտին առջեւ բողոքի ցոյց մը կատարած են՝ պահանջելով «միացեալ Ատրպէյճան մը՝ Թաւրիզ մայրաքաղաքով»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.