ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի եւ «Փեսիֆիք Քլինիքս» կեդրոնի կազմակերպած հրապարակային միացեալ երկրորդ նիստը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 5 Դեկտեմբերի երեկոյեան, ժամը 6էն 8, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնէն ներս, աւելի քան 75 մասնակիցներու ներկայութեամբ:
Երեկոյի ընթացքին ներկայացուեցան «Հոգեբանական Խանգարումներ՝ Ընկճուածութիւն, Յետ-բեկումնային Ախտանիշ եւ Անձկութիւն» նիւթերը՝ ծանօթ բժիշկ տոքթ. Չարլզ Փիլաւեանի, հոգեբանական խորհրդատու Ռուզան æուրեանի եւ հոգեբոյժ տոքթ. Սարգիս Արեւեանի կողմէ: Երեկոյի համադրումը կատարեց հոգեբոյժ Առաքել Դաւիթեանը, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք օրուան նիւթերը՝ հերթաբար ծանօթացուց մասնագէտ դասախօսները:
Նախքան նիւթերուն անցնիլը, ներկաները ողջունեց ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեանը, որ բացատրելով ՀՕՄին մատուցած ծառայութիւնները հանրութեան՝ կարեւորեց համայնքը հետաքրքրող նիւթերու քննարկումը: «Փեսիֆիք Քլինիքս» կեդրոնի պատասխանատուներէն տոքթ. Էմմա Օշական, իր կարգին անդրադարձաւ այդ կեդրոնին մատուցած բազմազան ծառայութիւններուն՝ հայ յաճախորդներու:
Առաջին դասախօսը Լոս Անճելըս գաւառի բժիշկներէն տոքթ. Փիլաւեանն էր, որ լայն բացատրութիւններ տուաւ անձկութեան եւ յետ-բեկումնային ախտանիշներու մասին: Ան նկատել տուաւ, թէ մարդ արարածը շատ դիւրութեամբ նորութիւններուն կը յարմարի, սակայն երբ այդ նորութիւնները խոցելի դրութեան կը մատնեն զայն՝ բեկում կը ստեղծուի անհատին մօտ, ինչ որ ընկճուածութեան կ՛առաջնորդէ: Բժիշկը բացատրեց, թէ հոգեբանական խանգարումներու բուժումը կարելի է, եթէ ենթական կարենայ ինքզինք արտայայտել: Եթէ ան մեկուսանայ եւ ինքնամփոփ մնայ, ապա պարագան կը սրի եւ բուժումը կը դժուարանայ:
Օրուան երկրորդ դասախօսը ՀՕՄի Հոգեբանական կեդրոնի խորհրդատուներէն Ռուզաննա Ջուրեանն էր, որ սահմանելէ ետք ընկճուածութիւնը՝ ներկայացուց անոր բացայայտման նշանները, պատճառներն ու տեսակները: Ան բացատրեց նաեւ, թէ ընկճուածութիւնը ինչպէ՛ս կ՛ընկալուի արական եւ իգական սեռերուն մօտ՝ աւելցնելով մանուկներու փորձառութիւնը նոյն մարզէն ներս: Ըստ æուրեանի՝ խորհրդատուները խօսելով եւ ունկնդրելով կրնան բացայայտել ախտանիշը ենթակային մօտ:
Օրուան երրորդ եւ վերջին դասախօսը տոքթ. Սարգիս Արեւեանն էր, որ շարունակելով ընկճուածութեան քննարկումը՝ կեդրոնացաւ այս լուրջ հիւանդութեան նկատմամբ հայերու հակադարձութեանց վրայ (մշակութային ազդեցութիւններէ մեկնած), ապա խօսեցաւ անոր առկայութեան մասին տարեցներու մօտ, բացատրեց թեթեւ եւ լուրջ ընկճուածութեան տարբերութիւնը, բժշկական նիստերով եւ դեղերով բժշկութեան դերը եւ յատկապէս շեշտեց այս մարզէն ներս մեծագոյն հարցը նկատուող՝ ընկճուածութիւնը ընդունելու իրողութիւնը: «Երբ մտահոգ ես, կը յուսահատիս, թակարդուած կը զգաս եւ կ՛ընկճուիս», եզրակացուց տոքթ. Արեւեան:
Շահեկան այս նիւթերու ներկայացումէն ետք, հարց ու պատասխանի առիթ տրուեցաւ. ընթացքին, ներկաները կարեւոր հարցումներ ուղղեցին դասախօսներուն՝ ստանալով գոհացուցիչ պատասխաններ: Ջուրեան ներկայացուցած էր վիճակագրական տուեալ մը, որուն համեմատ՝ ընկճուածութեան տոկոսային տեսակէտով՝ ԱՄ Նահանգները բարձրագոյն երկիրն է, իսկ Հայաստան՝ 25րդը: Տոքթ. Արեւեանի պատասխանը այս հարցումին ցոյց կու տար սերունդէ սերունդ տխրութեան ընկալումը, թէ՝ հայուն համար քիչ մը ընկճուած ըլլալը չափանիշ է, իսկ Ամերիկացիին համար չափանիշը ընկճուած չըլլալն է: Ուստի, Հայաստանի մէջ քիչ մը տխուր եղողը ինքզինք ընկճուած չի դասեր:
Յայտնենք, թէ Չորեքշաբթի, 12 Դեկտեմբերին, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄի եւ «Փեսիֆիք Քլինիքս» կեդրոնի կազմակերպած հրապարակային միացեալ երրորդ նիստը, որ կը վերաբերէր գաղթականական հարցերու, որոնց առանձինն պիտի անդրադառնանք:
Նոյն շարքի չորրորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2012ին, երեկոյեան ժամը 6-9, դարձեալ Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ՝ 211 W. Chestnut St.: Ընթացքին պիտի ներկայացուի «Ամուսնալուծում եւ զաւակներու խնամակալութիւն» խիստ էական նիւթը:
Ակնարկուած հրապարակային նիստերուն մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, այցելեցէք www.facebook.com/arswusa կամ հեռաձայնեցէք ՀՕՄի գրասենեակ՝ (818) 500-1343 թիւին:
ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը հիմնուած է 1984ին՝ կեդրոնատեղի ունենալով Քալիֆորնիոյ նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Անիկա 27 մասնաճիւղերով մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է՝ հինգ նահանգներու մէջ գործող աւելի քան 1500 անդամներով: Շրջանի ՀՕՄը ունի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք՝ հինգ գրասենեակներով, հոգեբանական կեդրոն, եւ կը հովանաւորէ պատանեկան-երիտասարդական զանազան ծրագիրներ, կրթանպաստներ եւ այլն: Մանրամասնութիւններու համար, այցելել ՀՕՄի www.arswestusa.org կայքը կամ հեռաձայնել (818) 500-1343 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.