
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երէկուան մեր թիւով արձագանգ հանդիսացած էինք Թուրքիոյ Կրթական բարձրագոյն խորհուրդին կողմէ ընդունուած այն նոր որոշումին, ըստ որուն՝ համալսարան մուտքի քննութեանց ընթացքին ուսանողներուն հարցումներ պիտի ուղղուին նաեւ կրօնքի ու բարոյագիտութեան մասին։
Այս որոշումը տեղի տուած էր բուռն ընդդիմութիւններու։ Փոքրամասնական վարժարանները առարկած էին, թէ իրենց աշակերտները չեն կրնար ենթարկուիլ իսլամական կրօնքին մասին հարցումներու, քանի որ այդ դասանիւթին ծանօթ չեն։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19ի երեկոյեան, «Մխիթարեան» վարժարան այցելած Թուրքիոյ կրթական նախարար Էօմեր Տինչեր այս նիւթին անդրադառնալով՝ վստահեցուց, որ փոքրամասնական վարժարանները բնաւ պէտք չէ մտահոգուին այս խնդիրով, որովհետեւ փոքրամասնական վարժարաններու աշակերտները պիտի չենթարկուին այնպիսի հարցումներու, որոնք կապ ունին իրենց չմատուցուած դասերու հետ։
Ան ըսաւ, թէ փոքրամասնական դպրոցներու շրջանաւարտները համալսարան մուտքի քննութեանց ընթացքին պիտի ենթարկուին այնպիսի կրօնական կամ բարոյագիտութեան հարցումներու, որոնք արդէն իսկ կը դասաւանդուին իրենց դպրոցներուն մէջ:
Նախարարը բացատրեց, թէ իրենց նպատակն է վստահ ըլլալ, որ աշակերտները իրենց պատկանած կրօնքին մասին ճիշդ գիտելիքներու կը տիրանան։ Նախարարը «Մխիթարեան» վարժարանին մէջ զրոյցներ ունեցաւ վարժարանի պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ աշակերտներու հետ։
Տինչեր ընդգծեց երկրին մէջ խաղաղութեան ու եղբայրութեան մթնոլորտ մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը եւ ըսաւ, որ այս տեսակէտէն՝ ուշագրաւ են այն ճիգերը, զորս կրթական նախարարութիւնը ի գործ դրած է։
Նախարարի ուղերձէն ետք գործադրուեցաւ «Կրօնքներու եղբայրութեան» նուիրուած յայտագիր մը, որուն ընթացքին աշակերտները հայերէնով երգեցին դպրոցին քայլերգը, ապա երգեցին նաեւ հայերէն ու թրքերէն երգեր։ Երգուեցան նաեւ Նոր Տարուայ երգեր, որոնք պսակուեցան «Սարը կելին» երգով։ Դպրոցի երկու տնօրէններուն՝ Եւա Օրագեանի ու Գարեգին Պարսամեանի կողքին, հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցաւ Պոլսոյ կրթական տնօրէն Մուամմեր Եըլտըզ եւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, որ նախարարին նուիրեց օրուան նշանակութիւնը ցոլացնող յուշանուէր մը: