
«Էրեբունի» բժշկական կեդրոնին մէջ 2004 թուականէն ի վեր արտասահմանցի մասնագէտներու օգնութեամբ կը կատարուի բացառիկ վիրահատութիւն՝ ականջի մէջ յատուկ սարքի տեղադրման միջոցով: Երկկողմանի ծանրալսութեան եւ խլութեան պարագային, երբ անօգուտ են նոյնիսկ լսողական սարքերը, այս ձեւը ձայները լսելու միակ կարելիութիւնն է:
Հայաստանի մէջ այս ծրագիրը կ՛իրականացնեն «Էրեբունի» կեդրոնի քիթ-կոկորդ-ականջ հիւանդութիւններու բաժանմունքի մասնագէտները: Այս անգամ 5 փոքրիկներ եւս վիրահատութեան պիտի ենթարկուին եւ պիտի կարենան լսել արտաքին աշխարհի ձայները ու խօսել: Նախընտրելի է, որ վիրահատութիւնները կատարուին փոքր տարիքի: