
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին «Յակոբեան» Գորգավաճառ հաստատութեան յատուկ ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծագոյն Տիթրոյիթի Միացեալ Յանձնախումբի սուրիահայութեան օգնութեան նուիրուած «Ձեռքդ երկարէ եղբօրդ» երկրորդ ձեռնարկը:
Այս յանձնախումբը կազմուած է չորս ամիսներ առաջ եւ բաղկացած Տիթրոյիթի տասնըհինգ կազմակերպութիւններէ: Ս. Սարգիս Հայ առաքելական, Ս. Վարդան Հայ կաթողիկէ, Հայ Աւետարանական եկեղեցիներ, Հայ Օգնութեան Միութիւն հինգ մասնաճիւղեր, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Թէքէեան Մշակութային Միութիւն, Տիթրոյիթի «Քոբերնիք Թանտրճեան» Միութիւն, Համազգային Մշակութային Միութիւն, Տիթրոյիթի ՀՄԸՄ, Տիթրոյիթի Վարդանանց ասպետներ, Տիթրոյիթի Վարդանանց դուստրեր, Հայ Երկրաչափներու եւ գիտնականներու Տիթրոյիթի մասնաճիւղ: Չորս ամիսներէ ի վեր Միացեալ յանձնախումբը ժրաջան ու համերաշխ աշխատանքներ տարած է ունենալով զանազան տեսակի ձեռնարկներ:
Արդարեւ, Դեկտեմբեր 14ին տեղի ունեցաւ երկրորդ ձեռնարկը՝ մշակութային երեկոյ ու դրամահաւաքը: Ձեռնարկի հանդիսավար ՀՕՄի ներկայացուցիչ Ճորճիէն Օշական նախ բեմ հրաւիրեց Ստեփան Գարուկեանը, որ հանդէսը բանայ ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներով, որմէ ետք Ճ. Օշական խօսքը ուղղեց ներկաներուն՝ կոչ ընելով օգնութեան հասնիլ սուրիահայութեան: Ան բեմ հրաւիրեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Հրանդ քհնյ. Գէորգեանը, որ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն եւ խրախուսեց զանոնք որ ձեռք երկարեն սուրիահայութեան: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ ջութակահար Հէրի Յովակիմեանը, որ երեք մեղեդիներ նուագեց. նաեւ Ռոզալին Պասմաճեան ընկերակցեցաւ մեներգով մը՝ Սայաթ Նովայէն:
Ցուցադրուեցաւ յանձնախումբի համաատենապետ Շանթ Ժամկոչեանի կողմէ պատրաստուած տեսաերիզ մը, որ կը ներկայացնէր սուրիահայութեան կեանքի պատմականը՝ տագնապէն առաջ եւ վերջ:
Օրուան բանախօսն էր փրոֆ. դոկտ. Արա Սանճեանը, որ ներկայացուց սուրիահայութեան պատմականը, ու ապա տուաւ պատճառները թէ ինչու սկսաւ պատերազմը եւ ինչպէս կրնայ սուրիահայութիւնը իր գոյութիւնը պահել Սուրիոյ մէջ, թէ արտասահմանի հայերը ինչ միջոցներով կրնան օգտակար ըլլալ սուրիահայութեան, որ կը գտնուի Սուրիոյ մէջ կամ տեղափոխուած դէպի տարբեր երկիրներ, ինչպէս՝ Հայաստան, Լիբանան եւ այլուր:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Միացեալ յանձնախումբի Համաատենապետուհի Շաքէ Պասմաճեանը, որ յանձնախումբի անունով բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն որ քաջալերեցին այս յանձնախումբի աշխատանքը եւ զօրավիգ կանգնեցան «Ձեռք երկարէ եղբօրդ» ձեռնարկին: Շ. Պասմաճեան խօսեցաւ յանձնախումբի մինչ այսօր տարած աշխատանքներուն մասին եւ ներկաներէն խնդրեց որ մասնակից դառնան սուրիահայութեան օգնութեան իրենց կարողութեան չափով:
Ձեռնարկը փակեց Կաթողիկէ համայնքի հովիւ հայր Անտոն Ադամեան, շատ խրախուսիչ խօսքերով:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ դրամահաւաք ու հաւաքուեցաւ շուրջ 8,500 տոլար: Յիշենք թէ առ այսօր Տիթրոյիթի հայութիւնը Սուրիահայութեան Օգնութեան ֆոնտին մէջ հաւաքած է 40,000 տոլար: