ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Երեւանի կենդանաբանական այգիի եւ Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի կողմէ կազմակերպուած բարեսիրական երեկոյին ընթացքին վաճառուած են աճուրդի մէջ ներկայացուած 14 նկարներ, որոնցմէ գոյացած է շուրջ 30 միլիոն դրամ: Այս մասին տեղեկացուցած է կենդանաբանական այգիի մամլոյ ծառայութիւնը:
Յիշեցնենք, որ նկարիչներ Արա Ասլանեանը, Սարօ Գալենցը, Ռոբերտ Էլիբեկեանը, Գագիկ Ղազանչեանը, Մարի Ադամեանը, Արշակ Սարգսեանը, Մարինա Դիլանեանը, Նուռը (Արման Դաւթեան), Սարգիս Անտոնեանը, Գաբօն (Գաբրիէլ Մանուկեան) ընդառաջած էին Երեւանի կենդանաբանական այգիի տնօրէնութեան նախաձեռնութեան մասնակից ըլլալու հրաւէրին. անոնք այգիին նուիրած էին իրենց աշխատանքները, որոնք վաճառուած էին 14 Դեկտեմբեր 2012ին կայացած աճուրդ–վաճառքին ընթացքին։ Աճուրդ-վաճառքէն գոյացած գումարը տրամադրուած է կենդանաբանական այգիին աջակցելու եւ առկայ խնդիրներ լուծելու նպատակին: Ստացուած գումարով կենդանաբանական այգիին մէջ պիտի կառուցուի բժշկական կեդրոն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.