ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Իշխանութեան ձգտիլը, տիրապետելը, յափշտակելը, իրաւազրկելը եւ առհասարակ սեփական անձի շահը ապահովելով ուրիշին վնասելը, ամէնէն սովորական երեւոյթները դարձած են ներկայ ընկերութեան կեանքին:
Քաղաքակրթութեան յառաջդիմութեան ամէնէն բնական հետեւութիւնը, առաջին հերթին, պէտք է մարդուն զարգացումը ըլլար: Սակայն, մարդկութեան կարեւոր մէկ տոկոսը, տակաւին կը գտնուի անքաղաքակիրթ դարերու խաւարամտութեան մէջ, եւ հազիւ գտնէ յարմար առիթը, շուտով կը վերադառնայ իր «արմատներուն»՝ վայրենութեան եւ գազանային բնութեան:
Հին պատմութեան անցքերը քննելով, կը տեսնենք որ, յատկապէս թագաւորական ժամանակաշրջաններու կամ կայսերական տիրապետութեան օրերու խնդիրները կեդրոնացած են բարձր եւ ցած խաւերու՝ ազատներու եւ ոչ-ազատներու, թագաւորներու եւ հպատակներու անհաւասարութեան շուրջ: Վերի խաւին անհանդուրժողութիւնը եւ բանեցուցած ճնշումները ենթակայ ժողովուրդներուն վրայ, յաճախ ընդվզումի, ընդդիմութեան, իշխանութիւնը տապալելու եւ յեղափոխութեամբ տիրող վարչակարգը հեռացնելու մղած են վարի խաւը:
Ստրկութեան եւ ճնշուածութեան զգացողութիւնը մեծ դժբախտութիւն կը համարուի մարդկային հոգիին համար, որ ընդհանրապէս կը սիրէ ազատութիւնը եւ իր ծնած օրէն կը պաշտէ զանիկա: Հարց տուէք մարդուն, թէ իր ամէնէն շատ սիրածը ի՞նչ է այս կեանքի մէջ, վստահաբար իր արտայայտած իւրաքանչիւր գաղափարին տակ պիտի տեսնէք ազատութիւնը՝ քօղարկուած կամ բացայայտ դիմագիծով:
Այսօրուան մարդկային կեանքը շատ չէ՛ փոխուած նախկին դարերու մարդկային կեանքէն, ինչքան ալ քաղաքակրթուած ու զարգացած համարեն մարդիկ ներկայ աշխարհը: Արհեստագիտութիւնը զարգացած է, հաղորդակցութեան միջոցները բազմացած ու արագացած, գիտութիւնը ահեղավազ յառաջդիմած, եւ կեանքը փոխուած: Սակայն պէտք է ընդունիլ, թէ մարդը իր խոր էութեան մէջ մնացած է նոյնը: Վկա՛յ պատերազմները եւ ամբողջատիրական ձգտումները, որոնք անցեալին ալ կային եւ այսօր ալ միշտ տեսանելի են հորիզոնին վրայ: Վկա՛յ անմարդկային ոճիրները եւ հաւաքական արիւնահեղութիւնները տարբեր երկիրներու մէջ, որոնք անքաղաքակիրթ դարերու արարքներ համարելու փորձեր շատ կատարուած են, ու տակաւին կը փորձուի այդպէս ներկայացնել զանոնք: Սակայն, անոնք էապէս կը մնան բոլոր ժամանակներուն ապրող մարդկութեան վարքագիծի բնորոշիչ յատկանիշները: Կը բաւէ միայն, որ ստեղծէ միջոցները, ունենայ առիթը եւ գտնէ հնարաւորութիւնը՝ մարդը միշտ պատրաստ է ճզմելու տկարը, յագեցնելու համար իր իշխելու անյագ ցանկութիւնը:
Զօրաւորին եւ կամ իրաւապահին իշխանութիւնը ընդունելու բնական մղումով ստեղծուած է մարդը: Ասոր ամէնէն ուժեղ փաստը, կրօնական ապրումը կամ զգացումն է մարդուն մէջ: Ատիկա յետոյ ցանուած, կամ յաւելուած զգացողութիւն չէ՛, այլ ներքին կանչի հետեւանք է, որ գիտակցութեան եկող երեխային իմացական զարգացումին հետ հետզհետէ կը կազմաւորուի անոր միտքին մէջ, հոգին լեցնելով գերմարդկային ոյժի նկատմամբ անժխտելի եւ յարգալից երկիւղով: Այս առումով, մարդը պատրաստ է հպատակելու, ենթարկուելու իրմէ աւելի զօրաւորին, երբ ատիկա բնութեան ոյժն է, եւ կամ տիեզերքին իշխող աստուածային աներեւակայելի զօրութիւնը:
Տարբեր շրջագիծի մէջ, սակայն մօտաւոր իմաստով օգտագործուող առած է. «Այն ձեռքը զոր չես կրնար կտրել, համբուրէ՛ եւ ճակատիդ դիր» խօսքը: Սա պարտուողական զգացում չէ՛, այլ հակադրութիւնները մեղմող, եւ ճշմարտութիւնը իր մերկութեամբ ընդունելու գիտակցուած արարք:
Միւս կողմէ, սակայն, իշխելու ձգտումն ալ բնա՛ւ պիտի չ՛անհետանայ այս աշխարհի երեսէն: Մարդը միշտ պիտի փորձէ իրեն ենթարկել իր նմանները: Ուրեմն, երկուստէք՝ իշխելու եւ իշխուելու, տիրելու եւ տիրուելու, յափշտակելու եւ յափշտակուելու երեւոյթները պիտի մնան մարդկային կեանքի պատմութեան էջին վրայ, եւ Ադամի բոլոր սերունդներն ալ պիտի անցնին փորձառութեան այս քուրայէն:
Իսկ իրաւո՞ւնքը.
– Միշտ զօրաւորին հետ է, պիտի ըսէր կեանքի փորձառութեան ծանրակշիռ ծրարը ուսերուն առած տարեց բարեկամս:
Մինչեւ այսօր այլ կերպ չէ՛ եղած այս կեանքի մէջ: Այսինքն՝ անբնական եղած է տկարին կողմէ հաստատուած իշխանութիւնը, անընդունելի նկատուած է տկարին կարգած տիրապետութիւնը: Այս աշխարհին չի՛ պատկանիր այդ մտածողութիւնը: Այստեղ, միշտ զօրաւորին ձեռքը եղած է իրաւունքը, եւ ստիպած է ան, որ ամէնքը պարտադրաբար ընդունին իր որոշած օրէնքները:
Իշխելու համար, սակայն, պէտք է որոշ պայմաններ լրացնէ որեւէ մարդ: Արքայական հանգամանքի պէտք չունի, ո՛չ ալ ազնուական արիւն պէտք է կրէ այսօր մարդը իր երակներուն մէջ, իշխող կարենալ դառնալու համար: Կը բաւէ միայն, որ տարրական որոշ օրէնքներ սորվի եւ ընկերային կեանքի յատուկ, փոխ-յարաբերական պայմաններ ամբողջացնէ:
Յարգանքը, սէրը, վստահութիւնը, անկեղծութիւնը, պատրաստակամութիւնը, զոհողութիւնը եւ այս բառերուն ամէն հոմանիշներն ալ բաւարար չեն, ճշմարտապէս իշխել կարենալու համար:
Ատոնք միայն կրնան մեղմել իշխողին դիրքը, յարաբերաբար իրեն ենթակայ մարդոց, որոնցմէ ոմանք վախի, ուրիշներ յարգանքի ազդեցութեան տակ կրնան հպատակիլ իշխողի կամքին: Սակայն, ճշմարտապէս իշխել կարենալու համար, պէտք է դարձեալ լսել փորձառու ալեփառ ծերունիին խրատը.
– Ճշմարտապէս իշխելու համար, պէտք է լաւ հասկնալ դիմացինը:
Եթէ չե՛ս ճանչնար, կամ չե՛ս գիտեր թէ ի՞նչ հոգեբանական կացութեան մէջ կը գտնուի այն մարդը կամ հաւաքականութիւնը, որուն իշխելու դիրքին արժանացած ես, բնա՛ւ պիտի չկարենաս սիրել զանոնք, կամ սիրուիլ անոնց կողմէ: Առաջին պայմանը, հետեւաբար, պէտք է ըլլայ զանոնք լաւ հասկնալը:
Այս միջոցին դիմելը, ոմանց կողմէ իշխանութեան տկարացում կը նկատուի: Սակայն, ճիշդ հակառակ արդիւնքը կու տայ ատիկա, երբ յարգանքը սոսկ ձեւականութենէ դուրս կու գայ, եւ իշխողին նկատմամբ զգացուած երկիւղը, նուիրական ու սրբազան պարտք կը համարուի հպատակներուն կողմէ:
Այսպէ՛ս կ’իմացուի քրիստոնէական կրօնի «Սիրող Աստուծոյ», կամ Անոր գթառատ հայրութեան օրինակը, ուր գուրգուրալից հօր իտէալ պատկերով կը ներկայացուի Արարիչը:
Իշխելու արարքը կը դիւրանայ իշխողին համար, երբ լաւապէս կը ճանչնայ իր հպատակները: Այդպէս կ՛ընէին հեքիաթներու կարգ անցած թագաւորները, երբ պարզ ժողովուրդին ապրած կեանքը տեսնելու համար, տունէ տուն կը շրջէին իբրեւ պանդուխտ տէրվիշներ:
Արդար, ճիշդ, խղճամիտ ու իրաւացի իշխանութիւնը, միայն ենթակայ մարդիկը լաւ ճանչնալով կ՛իրագործուի: