ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստան պատրաստ է համագործակցելու Իրանի Արեւելեան Ատրպատական նահանգին հետ՝ ինքնաշարժներու արտադրութեան բնագաւառին մէջ: Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան համաձայն, 15 Յունուարին Թաւրիզի մէջ այս յայտարարութիւնը կատարած է Սիւնիքի մարզպետ Սուրէն Խաչատրեանը: «Սիւնիքի մարզը իրանական աւտոմեքենաների հաւաքման նոր հոսքագծերի ստեղծման միջոցով կարող է նպաստել Արեւելեան Ատրպատականի արդիւնաբերութիւնը միջազգային շուկայ դուրս բերելուն», յայտնած է Խաչատրեան:
Ան նշած է, որ երկու երկիրները մեծ ներուժ ունին՝ միացեալ ներդրումները աւելցնելու եւ աշխոյժացնելու իմաստով։ Հայաստանը Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան անդամ է, եւ անոր համախառն ներքին արտադրութիւն կը հասնի 9.4 միլիառ տոլարի:
Գործակալութեան համաձայն, վերջին տարիներուն Իրանն ու Հայաստանը ընդարձակած են գործընկերութիւնը, տարբեր բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնութիւններ կնքած են։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.