ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Անցեալ Կիրակի, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ սրբազանի նախագահութեամբ եւ առաջարկով եւ Կրօնական ժողովի որոշմամբ, Ս. Պատարագի աւարտին, կատարուեցաւ շքանշանի տուչութիւն՝ Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան երկարամեայ անդամ Արամ Գամպուրեանի, առ ի գնահատութիւն իր մշակութային գործունէութեան։
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ եկեղեցին կը յորդէր հաւատացեալներու բազմութեամբ։ Ներկայ էր օրուան մեծարեալը։
Երգեցողութիւնները հանդիսաւոր եւ տպաւորիչ կերպով կատարուեցան Սահակեան երգչախումբի անդամներու լրիւ կազմին կողմէ, ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։
Ս. Պատարագի ընթացքին, Արամ սրբազան բեմ բարձրացաւ, յայտնելով թէ Պատրիարքական աթոռի կողմէ պատուի կ՛արժանանայ պոլսահայ համայնքի արժանաւոր զաւակներէն մէկը, Արամ Գամպուրեան, որ իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան, մտաւորական եւ բարեսիրական կալուածէ ներս անձնուիրաբար ծառայած է մեր ժողովուրդին։ Արամ Գամպուրեան ատեանէն դէպի բեմ մօտեցաւ յայտնապէս յուզուած հոգեվիճակով եւ ունկնդրեց Պատրիարքարանի օրհնութեան կոնդակը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.