
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Էօզկիւր Կիւնտէմ» թերթի մէջ հրատարակուած է Այշէ Կիւնայսուի կարեւոր եւ իմաստալից մէկ յօդուածը, որու մէջ հեղինակը, մեկնելով Սամաթիոյ մէջ խժդժօրէն սպաննուած Մարիձա Քիւչիւքի յուղարկաւորութենէն, կը խօսի Թուրքիոյ մէջ ապրող ափ մը հայ ժողովուրդին առանձնութեան ու մտա-հոգութիւններուն մասին ու բաղդատութիւն մըն ալ կ՛ընէ հայերու ու քիւրտերու միջեւ: Ան ըսել կ՛ուզէ, որ քիւրտերը դաս քաղած են հայերու դէմ գործադրուած ոչնչացման քաղաքականութենէն:
Այշէ Կիւնայսու հետեւեալը կը գրէ «Հաշտութեան յոյսեր եւ կեսարացի Մարիձա Քիւչիւքը» խորագրին ներքեւ.
Դարձեալ հաշտութեան յոյս մը զովացուց սիրտերը: Բայց նոյն պահուն լսեցինք, որ երկրին Արեւմտեան նահանգներուն մէջ յարձակումներ կը գործուին քիւրտերու վրայ, որոնք քաղաքական որեւէ գործունէութեան մէջ չեն: Այս բոլորէն վերջ նոյն օրերուն սրտակեղեք լուր մը եկաւ Սամաթիայէն: Դեռ մէկ ամիս առաջ ուրիշ տարեց հայ կին մըն ալ Սամաթիոյ մէջ յարձակումի ենթարկուած, մէկ աչքը կորսնցուցած էր: Այս անգամ ալ Սամաթիոյ մէջ դաշունահարուելով սպաննուած էր 84 տարեկան կեսարացի Մարիձա Քիւչիւքը: Թէեւ օղերն ու ապարանջանները առնուած էին, բայց նախայարձակները բնաւ չէին խուզարկած տունը, սեղանին վրայ դրուած դրամին իսկ ձեռք չէին դպցուցած: Այսինքն՝ բուն նպատակը գողութիւն չէր:
Հրատարակուած առաջին լուրերուն մէջ ըսուած էր, որ կնոջ կուրծքին վրայ դանակով խաչի նշան գծուած էր: Վերջը կնոջ որդին ըսաւ, որ թերեւս սխալ տեսած էր: Առաջին անգամ կնոջ ընտանիքի անդամներն էին, որ տեսած էին անոր մերկ մարմինը: Բայց, ինչպէս արդէն իմացած էինք, ապահովութեան տնօրէնութիւնը ընտանիքին յանձնարարած էր, որ «դուրսը» շատ չխօսին:
Յուղարկաւորութենէն երկու օր առաջ իր քրոջը տանը մէջ էինք: Տարիքոտ կինը, մեզի հետ ողջագուրուելով, շնորհակալութիւն կը յայտնէր շարունակ: Ուրիշներ ալ կային տան մէջ՝ մեծամասնութեամբ կիներ: Բոլորն ալ բարի գալուստ մաղթելէ, ցաւակցութիւն յայտնելէ ուրիշ բան չէին խօսէր՝ բացի քանի մը ձեւակերպական նախադասութիւններէ, ինչպէս՝ «դեռ բան մը չենք գիտեր, տեսնենք՝ խնդիրը մէջտեղ ելլէ, անկէ վերջ կը խօսինք» եւ այսպիսի նախադասութիւններ: Յայտնի է, որ ընտանիքի անդամները կը լռէին որոշ կէտերու վրայ: Իմացանք նաեւ որ ընտանիքի անդամներուն ցոյց չեն տրուած տեղւոյն վրայ կատարուած արձանագրութիւններն ու առնուած լուսանկարները: Մեր փաստաբան ընկերները կ՛ըսէին, որ ընտանիքին իրաւունքն է տեսնել այդ պատկերները, բայց երբ փաստաբանները կը յիշեցնէին իրաւական դիմումներու կարելիութիւնը, միշտ նոյն լռութիւնը կը տիրէր անոնց մօտ:
Ես կարծես թէ բաներ մը կը կարդայի ընտանիքէն կիներուն՝ ինծի ուղղուած նայուածքներուն մէջ: «Շնորհակալ ենք, յայտնի է, որ մեզի համար բաներ մը ընել կ՛ուզէք, այս կերպով դուք ձեր պարտականութիւնը կատարած պիտի ըլլաք եւ դուք ձեզ հանգիստ պիտի զգաք: Բայց դարձեալ մեզ մօտ պիտի ըլլա՞ք վաղը, երբ մեր զաւակները դպրոց պիտի ղրկենք, երբ ամէն գիշեր մեր դռները պիտի կղպենք, երբ առաւօտուն մեր վարագոյրները պիտի բանանք: Այո՛, կարծես թէ այսպէս կ՛ըսէին անոնք մեզի: Հիմա, որքան ալ տաքուկ ողջագուրումներ ունենայինք անոնց հետ, յայտնի էր, որ անոնց եւ մեր միջեւ կար հեռաւորութիւն մը, զոր կարելի չէր գոցել: Որովհետեւ ժխտումի տարիներէ վերջ հարուստ քաղաքակրթութենէ մը մնացած ափ մը հայուն զգացումները զգալ, ինքզինք անոնց տեղ դնել կարելի չէր:
Երկու օր վերջ յուղարկաւորութիւնը կը կատարուէր: Սամաթիոյ եկեղեցիին մէջ. եկեղեցին գունդ առ գունդ եկած մարդոցմով լեցուած էր: Ներսը արարողութիւնը սկսաւ, ժողովուրդն ալ մասնակցեցաւ երգեցողութիւններուն:

Պարբերաբար կը լսուէին հեծկլտուքներ: Երբ դագաղը ուսամբարձ դուրս կը հանուէր, Մարիձային աղջիկը, երկու հոգիին թեւը մտած, հազիւ թէ կը յաջողէր քալել: Դուրսը սկսաւ աղաղակներ արձակել: Սրտակեղէք եղերերգ մը արձակուած էր:
Բայց ականջիս մէջ ուրիշ ձայն մըն ալ կայ: Ասիկա դամբանախօսութիւն ընող հոգեւորականին ձայնն էր: Կուռ ձայնով լաւ հռետոր մը, որ այդ պահուն կը խօսէր բարիքի եւ չարիքի մասին: Կը յիշեցնէր, որ մարդիկ բարիքէ պէտք չէ հեռանան, բայց պէտք չէ մոռնան նաեւ, որ չարիքը գոյութիւն ունի: Յետոյ կը յանձնարարէր, որ համայնքը չհաւատար բամբասանքներուն: «Ինչ որ լսեցիք մինչեւ հիմա, մոռցէք», կ՛ըսէր ան: «Մենք հիմնովին կը վստահինք ապահովութեան մեր ուժերուն, անոնք մեզի համար կ՛աշխատին», կ՛ըսէր ան:
Եկեղեցիին բակը խորունկ լռութիւն մը կը սեղմէր կոկորդս: Մինչ քիւրտերը ունէին կուսակցութիւն մը, որու շնորհիւ կրնային այսքան զուլումի դիմաց աննկուն կերպով կանգուն կենալ, մինչ ունէին զինեալ ուժեր, որոնք կը ստիպէին, որ պետութիւնը բանակցութեան սեղան նստի, անդին այս երէց, միջին տարիքով կամ երիտասարդ հայերը, որպէսզի կարենային ապրիլ այս երկրին մէջ, պէտք ունէին հաւատալու հոգեւորականին ըրած յանձնարարութիւններուն: Որովհետեւ անոնք ահաւոր առանձնութեան մը մէջ էին: Իրենց թուրք բարեկամները, որոնք ամէն անգամ որ հայու խօսք ըլլար, այնքան գովասանքով կը խօսէին Հրանդ Տինքի մը մասին, եւ այն հարիւր հազարները, որոնք քալեցին Հրանդ Տինքի յուղարկաւորութեան ընթացքին, ոչ միայն չէին կրնար դարմանել այդ առանձնութիւնը, այլ նաեւ կը փաստէին այդ առանձնութեան խորութիւնը:
Լա՛ւ, ապա այն տարբերութի՞ւնը, որ կայ թուրք ազգայնապաշներու սաստկութեան ենթակայ դարձած երկու ժողովուրդներու՝ քիւրտերու եւ հայերու միջեւ: Ի՞նչ տարբերութիւն կայ քիւրտերու բնակչութեան, քաղաքական եւ զինուորական ուժերուն եւ հայերուն առանձնութեան միջեւ: Այս աշխարհագրութիւնը ատենօք միասնաբար ապրող քիւրտերուն ու հայերուն հայրենիքն էր, բայց հայերը ոչնչացուեցան հոնկէ, եւ եթէ այսօր քիւրտերը զուլումին դէմ դիմադրելու ուժ ստացան եւ այդ ուժը զօրացուցին, ասիկա բնականաբար կապ մը ունի հայերու ոչնչացման յիշողութեան հետ: Կ՛արժէ, որ բոլորս ալ մտածենք այս կապին մասին:
ՄԱՐՄԱՐԱ 09-01-2013