
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կիրակի, Յունուար 20ին, Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ կայանալիք դասախօսական ձեռնարկին ընթացքին, Երեւանի պետական համալսարանի «Եունեսքօ»ի Հայ արուեստի պատմութեան ամպիոնի տնօրէն փրոֆ. Լեւոն Չուգասզեան պիտի ներկայացնէ «Հայկական ջարդերը, ազատագրական պայքարը, Ցեղասպանութիւնը եւ հայ նկարիչները» նիւթը:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Ձեռնարկը պիտի կայանայ յաւարտ Ս. պատարագի, կ.ե. ժամը 1ին: Եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 6252 Honolulu Ave., La Crescenta CA 91214: