ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Վրաստանի վարչապետ Պիձինա Իվանիշվիլի 17 Յունուարին պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Հայաստան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի նախագահին, վարչապետին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հետ, ինչպէս նաեւ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը։ Տեսակցութիւններուն ընթացքին քննարկումի նիւթ հանդիսացան հայ–վրացական յարաբերութիւնները, վրացահայ համայնքն ու անոր կարիքները։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց վարչապետ Իվանիշվիլին՝ Վրաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր ղեկավարած համախոհական ցանկին արձանագրած յաղթանակին համար՝ յոյս յայտնելով, որ Վրաստանի նոր կառավարութիւնը պատիւով կը կատարէ ստանձնած պարտականութիւնները: Ան ընդգծեց, որ Հայաստան հետաքրքրուած է Վրաստանի մէջ կայունութեան պահպանութեամբ եւ կը փափաքի աւելի ամրապնդել եղբայրական յարաբերութիւնները, որոնք օգուտ պիտի բերեն թէ՛ հայ, եւ թէ վրացի ժողովուրդներուն:
Վրաստանի վարչապետը վստահեցուցած է, որ իր կառավարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի հայ-վրացական ներկայ յարաբերութիւնները պատմութեան մէջ դառնան լաւագոյնը:
Պիձինա Իվանիշվիլին նշած է, որ Հայաստանի վարչապետին հետ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր հարցերուն շուրջ կատարուած հանգամանալից բանակցութիւններէն ի յայտ եկած է, որ կողմերը հարց չունին տարբեր բնագաւառներու մէջ համաձայնութիւններ գոյացնելու։ Ան նաեւ ընդգծած է, որ երկու դրացի պետութիւնները, որոնք երկար տարիներէ կ՛ապրին կողք-կողքի եւ ձեռք-ձեռքի տուած կը սատարեն մէկը միւսին, պարտաւոր են իրարու օգնելով բարձրացնելու նմանատիպ խնդիրներ ունեցող երկու երկիրներուն տնտեսութիւններուն մակարդակը:
Աւելի ուշ, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, Վրաստանի վարչապետը մամլոյ ասուլիս մը տուաւ, որու ընթացքին վստահեցուց, որ Վրաստանի նոր կառավարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի տեղւոյն հայութիւնը իր սեփական երկրին մէջ ըլլալու զգացումը ունենայ։ Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց վիրահայ համայնքին՝ ընտրութիւններուն ընթացքին իրեն հանդէպ ցուցաբերած վստահութեան եւ աջակցութեան համար:
«Ես ունիմ մեծ թիւով հայ բարեկամներ՝ Վրաստանի մէջ եւ անկէ դուրս։ Հայերուն կողմէ միշտ ալ շատ ջերմ ընդունելութեան արժանացած եմ: Ընտրութիւններուն ընթացքին լաւապէս համագործակցած ենք իրարու հետ, իսկ արդիւնքները այդ մէկուն լաւագոյն ապացոյցն են», հաստատեց վարչապետը՝ շեշտելով, որ նախընտրական հանգրուանին հայութեան առնչութեամբ տրուած բոլոր խոստումները իրականութիւն պիտի դառնան։
Ապա Վրաստանի վարչապետը ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ, որ գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն ներկայ վիճակին մասին՝ վստահութիւն յայտնելով, որ վարչապետին Հայաստան տուած այս այցելութիւնը նոր խթան պիտի հանդիսանայ միջպետական համագործակցութեան զարգացման:
Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը յատուկ կերպով անդրադարձաւ Վրաստանի մէջ հայկական պատմական սրբավայրերու պատշաճ պահպանման ու վերականգնման, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի հոգեւոր կարիքներու բաւարարման համար անհրաժեշտ կարգ մը հայկական եկեղեցիներ Վիրահայոց թեմին վերադարձնելու հարցին: Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը յոյս յայտնեց, որ վրացական պետութիւնը անհրաժեշտ քայլերը կ՛առնէ՝ յիշեալ խնդիրները ըստ արժանւոյն լուծելու գծով։
Վիրահայոց համայնքին անունով կաթողիկոսը խնդրանքով դիմեց Իվանիշվիլիին, որպէսզի Վրաստանի հայկական դպրոցներուն մէջ դասաւանդուի «Հայ ժողովուրդի պատմութիւն» առարկան: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ միջնորդութիւն կատարեց՝ Վահագն Չախալեանի ազատ արձակման համար:
Վրաստանի վարչապետը՝ ուրախութիւն յայտնելով Մայր Աթոռ այցելութեան առիթով, խօսեցաւ հայ-վրացական դարաւոր բարեկամութեան մասին՝ ընդգծելով նաեւ, որ մեծ յարգանք կը տածէ հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Ապա վարչապետը անդրադարձաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ առաջադրուած խնդիրներուն՝ տեղեկացնելով, որ անձնապէս յանձն պիտի առնէ եկեղեցիներու նորոգութիւնը, եւ անմիջապէս անհրաժեշտ բոլոր քայլերը պիտի առնուին հայկական եկեղեցիներու պահպանութեան ուղղութեամբ: Իվանիշվիլին նաեւ յանձնարարական տուաւ՝ «Հայ ժողովուրդի պատմութիւն» առարկայի դասաւանդումը հայկական դպրոցներուն մէջ կազմակերպելու համար, իսկ Վ. Չախալեանի առնչութեամբ յայտնեց, որ խնդիրը քննարկման հանգրուանի մէջ է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.