ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Սիրելի ընթերցող, այս սիւնակէն քեզի կը փոխանցենք յատուկ հրաւէր մը՝ ներկայ գտնուելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 122րդ տարեդարձի տօնակատարութեան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Կիրակի, 27 Յունուարին: Ձեռնարկի մասին ծանուցումները կրնան արդէն քեզի տուած ըլլալ անոր հետ կապուած բոլոր մանրամասնութիւնները, այսուհանդերձ՝ անհրաժեշտ ու կարեւոր կը գտնենք քեզ անձնապէս հրաւիրել մեր համայնքի տարեկան կարեւորագոյն միջոցառումներէն մէկը հանդիսացող սոյն երեկոյին:
Ձեռնարկը կարեւոր կը նկատենք եւ ներկայութիւնդ կը փափաքինք ոչ թէ միայն հրամցուած յայտագիրը հետաքրքրական ու շահեկան գտնելու, ոչ թէ պարզապէս ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի տարեկան զեկոյցն ու անցած գործունէութեան գնահատականը ունկնդրելու, ոչ թէ Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրուած հայկական քաղաքական ու հասարակական կեանքին մէջ իր խիզախ ձայնը միշտ լսելի դարձնող Լիլիթ Գալստեանի խօսքերը լսելու համար, այլեւ շատ ու շատ ուրիշ դրդումներով, որոնցմէ ահա՛, կը յիշենք կարեւորագոյնը.
Կը հրաւիրենք քեզ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան տարեդարձը նշելու՝ իբրեւ յարգանքի արտայայտութիւն այն հարուստ վաստակին, զոր այս կուսակցութեան նուիրեալները կերտած են 122 տարիներու ընթացքին, իրենց արիւնով, իրենց քրտինքով, իրենց միտքով ու հոգիով, նաեւ այն վստահութեան, թէ հայ ժողովուրդին դէմ ընդհանրապէս կամ անոր մէկ հատուածին դէմ ծառացած իւրաքանչիւր սպառնալիք՝ իր դէմը պիտի գտնէ այս կուսակցութեան կուռ շարքերը: