ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ըստ Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարարութեան, Հայաստանի մէջ հանրակառքերու արտադրութիւնը պիտի կատարէ հնդկական «Աշոք Լէյլենտ» ընկերութիւնը:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ արտադրող ընկերութիւնը «MED A.KGmbH» կը կոչուի. սակայն հաւանաբար անիկա հնդկական ընկերութեան ներկայացուցիչն է Գերմանիոյ մէջ: Յստակ չէ, որ համաձայնագիրը ի՞նչ պատճառով այդ ընկերութեան հետ կնքուած է։
Կը նախատեսուի, որ գործարանի գործարկման առաջին տարուան ընթացքին ընկերութիւնը արտադրէ շուրջ 200 ժամանակակից, բարձրակարգ հանրակառք: Անոնք անաղմուկ են, յարմարաւէտ նստարաններով, ունին օդափոխութեան համակարգ:
Հայաստանի մէջ արտադրուող հանրակառքերը բաւական աժան պիտի ըլլան մինչեւ օրս ներածուող հանրակառքերէն: Գործարանի շինարարութիւնը պիտի սկսի 2013ի առաջին եռամսեակին: Մինչ այդ հանրութեան պիտի ներկայացուին արտադրուող հանրակառքերէն նմոյշներ:
Նշենք, որ հնդկական «Աշոք Լէյլենտ» կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1948ին. անիկա Հնդկաստանի հանրակառքեր ու բեռնատարներ արտադրող երկրորդ մեծագոյն ընկերութիւնն է եւ հանրակառքերու արտադրութեան բնագաւառին մէջ յառաջատար տեղ ունի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.