ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Հինգշաբթի, 3 Յունուար 2013ի երեկոյեան, Ամանորը մեծ ոգեւորութեամբ եւ նորանոր նուաճումներու ակնկալումներով դիմաւորուեցաւ շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին կողմէ, իր հարազատ տան մէջ: Նորընտիր Շրջանային վարչութեան անդամներուն կողմէ ուրախութեամբ հիւրընկալուեցան օրուան հիւրերը. հոն էին ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւիթեանը, ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ փոխատենապետուհի Գարմէն Լիպարիտեանն ու Քրիսթինա Խանճեանը, Նաւասարդեան 37 մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Գագիկ Գէորգեանը, ՀՄԸՄի բարերար Ալիս Անտոնեանը, 2012 տարեշրջանի «Տիպար ՀՄԸՄական»ը, անցեալի եւ ներկայի Շրջ. վարչութեանց անդամներ, մասնաճիւղերու նորընտիր վարչութիւններ եւ այլ հիւրեր: Երեկոն ամբողջական դարձաւ, երբ ներկաներուն միացաւ նաեւ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, ընկերակցութեամբ՝ Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեանի:
Ամանորեայ շնորհաւորանքներով եւ բարի գալուստի ջերմ խօսքերով երեկոյի բացումը կատարեց Շրջ. վարչութեան անդամ Արիգ Գէորգեանը: Իսկ Շրջ. վարչութեան բարեմաղթանքները փոխանցեց ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեանը, որ շնորհաւորելով ներկաներուն Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը՝ մաղթեց, որ 2013ը նորանոր նուաճումներու հարուստ տարի մը հանդիսանայ: Ապա, ներկայացնելով օրուան պաշտօնական հիւրերը՝ ան յայտարարեց. «Ուրախութեամբ սկսում ենք Նոր Տարին, որովհետեւ ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղը սկսում է իր սեփական մարզադաշտը ունենալու գործընթացը, որի համար շնորհաւորում եմ մասնաճիւղը: Ես վստահ եմ, որ այդ մարզադաշտը, ըստ ՀՄԸՄի առաքելութեան, պիտի ծառայի շրջանի հայ երիտասարդութեան համախմբման ու դաստիարակութեան»:
Այնուհետեւ իր օրհնութիւնը փոխանցեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ օրհնելէ ետք ամանորեայ համադամ ճաշերով լեցուն սեղանները՝ իր ցնծութիւնը յայտնեց ի տես տիպար ՀՄԸՄականներուն եւ խրախուսեց զանոնք՝ ըսելով. «Դուք բոլորդ ալ՝ իբրեւ միութենականներ, տիպար ՀՄԸՄականներ էք, որուն պատճառով ալ ամէն տարի դժուար կ՛ըլլայ որոշել տիպար ՀՄԸՄական այն անձը, որ տիպար ըլլալու բոլոր տուեալները ունի: Մենք հպարտ ենք ՀՄԸՄի կազմակերպական կեանքով, կարգապահ ոգիով եւ մանաւանդ՝ միշտ բարին մօտեցնող տրամադրութեամ, որովհետեւ, երբ մենք, մեր նշանաբանին համաձայն՝ «Բարձրացիր, Բարձրացուր»ով կ՛առաջնորդուինք, կը նշանակէ, որ քրիստոնէական պատուիրաններուն հաւատարիմ կը մնանք»:
Ապա, շնորհաւորելով բոլորին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը՝ մաղթեց, որ 2013ը բարի եւ առողջ տարի մը ըլլայ բոլոր ՀՄԸՄականներուն՝ թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական կեանքի մէջ:
Առաջնորդ հայրը նաեւ վստահեցուց, թէ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 37րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Գագիկ Գէորգեանը «միշտ իր սրտին մօտիկ պիտի պահէ ՀՄԸՄը եւ բոլոր իր ծրագիրներուն մէջ անպայմա՛ն պիտի յիշէ ՀՄԸՄը թէ՛ բարոյապէս, եւ թէ իր կեանքի արդար վաստակած արդիւնքէն նիւթապէս իր զօրակցութիւնը պիտի բերէ անոր»:
Սրտի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւիթեանը, որ առաջին հերթին իր ուրախութիւնը յայտնեց այն բանին համար, որ ՀՄԸՄը իր աշխատանքային նոր տարին կը սկսի՝ մասնաճիւղերուն հետ միասնաբար:
«Իւրաքանչիւր ՀՄԸՄական արժէքաւոր է փոքրիկից, երիտասարդից բռնած մինչեւ տարեց անդամները՝ իրար հետ աշխատեն, իրարից սովորեն եւ քայլ առ քայլ ամէն տարի մեր աշխատանքը դատեն յառաջադիմութեամբ: Ամէն Նոր Տարի, երբ մենք հաւաքւում ենք իրար շուրջ, յիշենք անցնող տարին եւ վստահ լինենք, որ այս տարի աւելի առաջ եւ աւելի մեծ քայլեր ենք վերցնելու», ընդգծեց Դաւիթեան եւ մաղթեց բոլորին ուրախ ու առողջ տարի մը:
Փոխանցուած այս պատգամներէն ետք, երեկոն շարունակուեցաւ ուրախ մթնոլորտի մէջ: Ներկաները զիրար շնորհաւորեցին եւ բարեմաղթանքներ փոխանցեցին: Արիգ Գէորգեան եւ յատկապէս ՀՄԸՄի Օրենճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղի անդամներէն Ճորճ Փչաքճեան, աքորտիոնի ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄական, սկաուտական եւ ժողովրդային երգեր նուագելով՝ խանդավառեցին արդէն իսկ ուրախ մթնոլորտը:
Ներկաները ուշ երեկոյեան մեկնեցան տուն, ՀՄԸՄի իրենց մասնաճիւղերէն ներս նորանոր նուաճումներ արձանագրելու հաստատակամութեամբ:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ: