
«Արփա» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ, համացանցային դրամահաւաքի արշաւ մը սկսած է՝ նպատակ ունենալով Հայաստանի մէջ DNA ուսումնասիրութեան արդիական կեդրոնի մը հաստատումը: Դրամահաւաքին մասնակցելու համար, այցելել http://
www.indiegogo.com/ARPA-DNA-Project/x/1965311 կայքը, մինչեւ Մարտ 30:
Արշաւին նպատակն է գոյացնել առնուազն 25,000 տոլար, որ կէս գումարն է DNA ուսումնասիրութեան գործիքի մը, որ այս ծրագիրին առաջին քայլը պիտի ըլլայ:
«Ատրպէյճան, Վրաստան, Թուրքիա, Իրան եւ Լիբանան ունին նման կեդրոններ, եւ ժամանակն է, որ Հայաստան եւս օժտուի նման կեդրոնով մը», կը նշուի հիմնարկին կողմէ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ: