1910ին, Նիւ Եորքի մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադրութենէն հազիւ հինգ տարի անց, ՀՕՄի հաստատուն արմատները հասան ԱՄՆի Արեւմտեան այս ափը եւ 1915ին, Ֆրեզնոյի մէջ հիմը դրուեցաւ ՀՕՄի առաջին՝ «Մայր» մասնաճիւղին: Իր ժողովուրդին համար իսկական մայր դարձած այս մասնաճիւղը իր բեղուն գործունէութեամբ արժանացաւ համայնքի հաւատքին եւ առաւել ճիւղաւորուելով՝ բազմացաւ, հայաշատ շրջաններու մէջ ՀՕՄի մասնաճիւղերու թիւը հասցնելով 27ի:
Աւելի՛ն. 1984ին, շրջանի ՀՕՄը առանձին միաւոր դառնալով՝ ընդարձակեց իր աշխատանքի հորիզոնները՝ օգնութեան ձեռք երկարելով իր գաղութին, հայրենիքին, Արցախին ու æաւախքին: Ամէն տարի ընտրուած Շրջանային վարչութիւնները, իրենց բարեսիրական լայնածաւալ աշխատանքով, ՀՕՄը տիրական ներկայութիւն դարձուցին շրջանէն ներս:
27-29 Յուլիս 2012ին գումարուած շրջանի ՀՕՄի 92րդ Շրջանային պատգամաւորական ժողովը ընտրեց Շրջանային վարչութիւն մը՝ յանձինս ընկերուհիներ Լենա Պօզոյեանի (ատենապետ), Գարմէն Լիպարիտեանի (փոխատենապետ), Արմէնուհի Թովմասեանի (ատենադպիր), Լիզա Սանդիկեանի (գանձապահ), Ժարմէն Միրզախանեանի, Կարինէ Բարիկեան-Սէթեանի, Քրիսթինա Խան-ճեանի, Ճիւտի Ճինկիրեանի եւ Անժէլ Օհաննէսեանի:
Նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը, աշխատանքային իր ցուցակին մէջ առաջնահերթութիւն տալով սուրիահայութեան օգնութեան գործին՝ անմիջապէս գործի լծուեցաւ շրջանի ՀՕՄի բարձրագոյն ժողովին որդեգրած բանաձեւի իրականացման, ու ոտքի հանելով իր շարքերը՝ հանգանակեց շուրջ վաթսուն հազար տոլար ի նպաստ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան հիմնած «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»ին: Այնուհետեւ, իր ուժերը մէկտեղելով շրջանէն ներս ստեղծուած սուրիահայութեան օժանդակութեան գործին՝ մաս կազմեց համապատասխան յանձնախումբին եւ բացառիկ աշխատանք տարաւ այդ գծով կազմակերպչական բոլոր աշխատանքներուն:
Սուրիահայութեան օգնութեան աշխատանքներուն առընթեր, նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը նախաձեռնեց իր ժողովուրդին առաւել բացուելու գործընթացին՝ ընթացիկ իր գործունէութեան առընթեր զարկ տալով շրջանի կարեւոր եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններու հետ գործակցելու լուրջ աշխատանքին: Այս իմաստով նաեւ, ան զարկ տուաւ անդամարշաւի եւ վարժողական ծրագիրներ մշակելու անհրաժեշտ նախաձեռնութեան: ՀՕՄը այսօր, շրջանի հայկական կազմակերպութիւններուն առընթեր, մօտէն կը գործակցի նաեւ տեղական մարդասիրական ակնյայտ կազմակերպութիւններու հետ:
ՀՕՄը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ հայկական մշակոյթը պահպանելու իր նպատակին: Այս իմաստով, շրջանէն ներս կը գործեն աւելի քան 15 կրթական կեդրոններ, ուր ՀՕՄի հոգածութեան յանձնուած յատկապէս հայ մատղաշ սերունդները կը սորվին մայրենի լեզուն ու հայոց պատմութիւնը: Հպարտութեամբ կարելի է յայտարարել, թէ 6 Հոկտեմբեր 2012ին, ՀՕՄի Ֆրեզնոյի «Սոֆիա» մասնաճիւղը՝ գործակցութեամբ տեղւոյն Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, հարստացաւ Շաբաթօրեայ նոր վարժարանով մը, առաւել ուժ եւ եռանդ սերմանելով ֆրեզնոյահայութեան մօտ:
Անցնող տարեշրջանին, ՀՕՄի բոլոր մասնաճիւղերը ներքին ու հրապարակային զանազան ձեռնարկներով ներկայութիւն դարձան շրջանէն ներս: ՀՕՄի Սանթա Մոնիքայի «Կարս» մասնաճիւղը տօնախմբեց իր 35ամեակը, իսկ Ֆրեզնոյի «Սոֆիա» մասնաճիւղը՝ իր 60ամեակը:
Բնականաբար, ՀՕՄի բոլոր աշխատանքները վայելեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի բարձր հովանաւորութիւնն ու հայրական օրհնութիւնները:
Հայ ժողովուրդի արդար պահանջներու իրականացման հեռանկարով, շրջանի ՀՕՄէն պատուիրակութիւն մը 2012ի 5 Դեկտեմբերին, Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի մօտ Ամերիկայի դեսպան Ճան Հեֆըրնի հետ եւ յստակօրէն իր մտահոգութիւններն ու պահանջները ներկայացուց անոր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, Հայաստանի եւ Հայ ժողովուրդին վերաբերեալ:
ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանը շարունակեց իր մարդասիրական եւ հայրենանուէր աշխատանքները Հայաստանի, Արցախի եւ æաւախքի մէջ: Ամբողջ Քսան տարիներ, ան լայն մաշտապով մասնակցեցաւ ՀՕՄի Ծնողազուրկ երեխաներու հովանաւորութեան ծրագիրին: Արցախի մէջ ան կը շարունակէ հովանաւորել Աշանի եւ Ականաբերդի «Սօսէ» մանկապարտէզները՝ չզլանալով իր օգնութիւնը նաեւ ՀՕՄի մնացեալ բոլոր մանկապարտէզներուն: Կը շարունակուի նաեւ հովանաւորութիւնը ի՛ր իսկ նախաձեռնած Վրաստանի հայ երիտասարդական երեք կեդրոններուն:
ՀՕՄը լայնածաւալ իր գործունէութիւնը կը կատարէ նաեւ շրջանէն ներս ընկերային ծառայութեան եւ հոգեբանական իր կեդրոններով՝ լայնածաւալ ծառայութիւն մատուցելով իրեն դիմող հայ թէ օտար հազարաւոր անհատներու:
Դարձեալ մարդասիրական ծառայութեան օգտակարութենէն մեկնած, ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը 2012ի 19 Դեկտեմբերին, յատուկ ձեռնարկով մը Ամանորեայ ուրախ մթնոլորտը փոխանցեց հարիւրաւոր կարօտեալ երեխաներու՝ անոնց նուիրելով գեղեցիկ նուէրներ: Այս նախաձեռնութիւնը յուսադրեց եւ հաստատակամութիւն սերմանեց մասնակիցներուն մօտ: Իսկ 21 Դեկտեմբերին, Կլենտէյլի Salvation Army-ի կեդրոնը, Ամանորեայ ճաշով հիւրասիրեց աւելի քան 250 հայ եւ օտար տնազուրկներ ու կարօտեալներ:
Շրջ. վարչութիւնը, խիստ կարեւոր հոգեկան եւ ընկերային հարցերու գծով համայնքը առաւել զարգացնելու հեռանկարով, «Փեսիֆիք Քլինիքս» կեդրոնին հետ գործակցաբար կազմակերպեց հրապարակային նիստերու շարք մը, որուն ընթացքին, մասնագէտ դասախօսներու միջոցաւ, հանրութեան ներկայացուց խիստ անհրաժեշտ ու էական նկատուող հետեւեալ նիւթերը.
28 Նոյեմբերէն մինչեւ 19 Դեկտեմբեր 2012՝ Չորեքշաբթի օրերը, հանրութեան ծանօթացնելով կազմակերպիչ զոյգ կազմակերպութիւններուն առաքելութիւնները՝ յաջորդաբար ներկայացուեցան հետեւեալ նիւթերը.
* Ալքոհոլի եւ թմրեցուցիչներու մոլութիւն (Substance Abuse & Drug Addiction)
* Հոգեբանական խանգարումներ՝ Ընկճուածութիւն, յետ-բեկումնային ախտանիշ եւ անձկութիւն (Depression, Post-Traumatic Stress Disorder & Anxiety)
* Գաղթականական հարցեր. մշակութային, յարմարեցում, սերնդային բախումներ (Issues of Immigrants: Acculturation, Adaptation & Generational Conflicts)
* Ամուսնալուծում եւ զաւակներու խնամակալութիւն (Divorce and Child Custody):
ՀՕՄի մեծ ընտանիքը, նոր յոյսերով ու նորանոր նուաճումներու հաստատակամութեամբ, Ամանորը դիմաւորեց 2013ի Յունուար 2ի ամանորեայ յատուկ խրախճանքով մը, որուն ընթացքին ականջալուր ըլլալով ՀՕՄի անցած ուղիին՝ ստացաւ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւնը, եւ միասնականութեամբ ուխտեց շարունակել ՀՕՄի առաքելութիւնը իրականացնող մարդասիրական եւ հայրենանուէր աշխատանքները:
ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը հիմնուած է 1984ին՝ կեդրոնատեղի ունենալով Քալիֆորնիոյ նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Ան 27 մասնաճիւղերով մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է՝ հինգ նահանգներու մէջ գործող աւելի քան 1500 անդամներով: Շրջանի ՀՕՄը ունի ընկերային ծառայութեան բաժանմունք՝ հինգ գրասենեակներով, նաեւ հոգեբանական կեդրոն, եւ կը հովանաւորէ զանազան պատանեկան-երիտասարդական ծրագիրներ, կրթանպաստներ եւ այլ նպաստներ: Մանրամասնութիւններու համար, այցելել ՀՕՄի www.arswestusa.org կայքէջը կամ հեռաձայնել (818) 500-1343 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.