
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Նախաձեռնութեամբ «Էլ.Էյ. Վոյս/Փիքօ» կազմակերպութեան, Երեքշաբթի, Յունուար 29ին, երեկոյեան ժամը 6:30էն 8:30ի միջեւ, հանրային հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ «Օրհնեալ Հաղորդութիւն» եկեղեցւոյ մէջ (6657 W. Sunset Blvd., Hollywood, CA 90028), որ առիթ մը պիտի ըլլայ աւելի մօտէն ծանօթանալու Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան 13րդ ընտրատարածքի ընտրութեանց մասնակցող 12 թեկնածուներուն, որոնցմէ մէկն է հայազգի Սեմ Քպուշեանը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (323) 462-6311 թիւին: