ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 18 Յունուարին գլխաւորած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը՝ նուիրուած հանրապետութեան մէջ ջրամատակարարման հիմնախնդիրներուն:
Նախագահ Սահակեան ջրամատակարարումը, ջրային պաշարներու արդիւնաւէտ օգտագործումը եւ պահպանումը նկատած է ռազմավարական այն ուղղութիւնը, որ կ՛առնչուի պետութեան կենսագործունէութեան գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն եւ կը հանդիսանայ երկրի անվտանգութեան առանցքային բաղադրամասերէն մէկը:
Անդրադառնալով այս իմաստով իրականացուելիք աշխատանքներուն՝ երկրին ղեկավարը ընդգծած է, թէ անհրաժեշտ է մշակել այնպիսի ամբողջական ծրագիր, որ առարկայանօրէն եւ ճշգրիտ կերպով արտացոլացնէ ներկայ իրավիճակը, հանրապետութեան բոլոր բնակավայրերուն ջրամատակարարման առնչուած խնդիրները՝ պատկերացում տալով անոնց լուծման ձեւերուն մասին: Նախագահը նշած է, որ լուծումները պէտք է հիմնուած ըլլան առողջ տրամաբանութեան ու առաջնահերթութիւններուն վրայ, որոնք կարելիութիւն պիտի տան համընդհանուր կերպով բարելաւելու առկայ իրավիճակը եւ կայուն հիմքեր ստեղծելու ընկերային-տնտեսական զարգացման համար:
Երկրի ղեկավարը յստակ յանձնարարականներ տուած է համապատասխան մարմիններու ղեկավարներուն՝ աշխատանքներու իրականացման ուղղութեամբ:
Խորհրդակցութեան մասնակցած են վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, Ազգային ժողովի փոխխօսնակ Արթուր Թովմասեանը եւ պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ։ Հայաստանի մէջ ապրող քիւրտերը ցոյց Կը Կատարեն Ֆրանսայի դեսպանատան Առջեւ:
Հայաստանի մէջ քրտական համայնքի ներկայացուցիչները 17 Յունուարին բողոքի ցոյց կայացուցած են Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան դիմաց: Այսպիսով անոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Ֆրանսայի մէջ քիւրտ համայնքին՝ երեք քիւրտ կին գործիչներու սպանութեան գծով։
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մամլոյ բաժինէն «Փանորամա«ին յայտնած են, որ Հայաստան ապրող քիւրտերը դէպքին վերաբերեալ նամակ-բողոք փոխանցած են դեսպան Հանրի Ռենոյին՝ պահանջելով սպանութեան թափանցիկ նախաքննութիւն եւ մեղաւորներու արդարացի պատիժ: Հայաստանցի գործիչները ծաղիկներ զետեղեցին դեսպանատան մուտքին՝ յարգանքի տուրք մատուցելով զոհուածներուն: Դեսպանատունէն փոխանցուեցաւ, որ դեսպանը շուտով պիտի պատասխանէ այդ նամակին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.