ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ

– Ուրեմն, դուք դաշնակցական էք…:
Առաջին հակազդեցութիւնս եղաւ կոշտ պատասխան մը տալ անոր: Ոտքը մեր տան սեմէն հազիւ ներս դրած, ասիկա եղաւ մեր դրացուհիին տարեց մօրը առաջին խօսքը՝ բարեւէն ալ առաջ: Առանց ժպիտի: Առաջին անգամ ըլլալով զինք կը տեսնէի: Եւ փոխադարձաբար: Չհասկցայ, թէ ինչպէ՛ս կռահեց: Կ՛երեւի աղջիկը ըսած էր. այլապէս՝ վրաս գլուխս շօշափեցի տեսնելու համար, թէ հագուստիս ո՞ր մասը ենթադրել տուած էր իրեն այդ «զրպարտութիւն»ը ընել. թէեւ ուրախ էի այդ պատուին արժանացած ըլլալուս համար:
Մտածեցի որ արդեօ՞ք վարմունքէս հասկցաւ: Աւելի ուշ իր աղջկան հարցուցի, թէ ինչո՛ւ մայրը այդպիսի խօսք մը ըրաւ: Ան ներողամտութիւն խնդրողի մը շեշտով ըսաւ. «ոչինչ…»: Շատ լաւ, ոչինչ: Բայց ես շնորհակալութիւն ալ պիտի յայտնեմ այդ կոչումին համար, եւ այդ տարեց կինը շնորհաւորեմ իր այնքան խորաթափանց աչք եւ միտք ունենալուն համար:
Տարիներ առաջ Հայաստանէն արտագաղթած էին, եւ այժմ կը վայելէին դրամատիրական աշխարհին բարիքները: Բայց, տակաւին չէին մոռնար համայնավար երկրին իրենց շնորհած բարիքները, որոնց շարքին նաեւ՝ դաշնակցութեան հանդէպ իրենց տածած «խանդաղատանք»ը: Ինչ եւ իցէ: Պէտք չունինք այլեւս այդ հին տետրակները բանալու: Մոռնա՛նք տխուր անցեալը:
Հարցը սակայն հոն է, որ մե՛նք կը մոռնանք անցեալը, բայց իրենք՝ երբեք: Հայ կուսակցութիւնները գնահատելի աշխատանք տարած են աշխարհասփիւռ եւ կոտորակուած ազգին համար: Բայց ոչ՝ իրարու հանդէպ: Պաշտպանած են ազգին կոտորակները. պաշտպանած են հայերէնը՝ հովանաւորելով օտարութեան մէջ հայ վարժարաններու բացումը: Մշակութային կեդրոններու հաստատումով պահպանած են հայ արուեստը, գրականութիւնն ու երաժշտութիւնը: Անկասկած:
Միաժամանակ, սակայն, մրցակցութեա՞ն ոգիով թէ աւելի խոր պատճառով, չեն կրցած լեզու գտնել իրարու հետ: Նախա՞նձ արդեօք: Ուրեմն տո՞ւրք տալով մարդկային ամենաճղճիմ զգացումներուն: Եթէ այո, ամօթ մեզի՝ հաւաքաբար:
Ընդհանրապէս հրաշքները կը պատահին անձկութեան մը աւարտով կամ եզրակացութեամբ: Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ստեղծումի նախօրեակին ուրեմն, Հայաստանի ԱՌԱæԻՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ նախօրեակին, երկիրը մատնուած էր ճգնաժամի մը, Թուրքիոյ պարտութեամբ եւ հայ կանոնաւոր եւ կամաւորներու բանակի յաղթանակով, այդ ճգնաժամը կը լուծուի եւ ճամբայ կը բանայ յառաջիկայ անկախութեան:
Այս առթիւ, ՀՅԴ Հարիւրամեակի Յուշամատեանը կը գրէ. «Այս ճգնաժամին մէջ ահազանգ մը կը հնչէ ու կը տարածուի Արարատեան դաշտի մէջ,- Ամէն բան ու ամէն ոք ճակատի համար»,- Արամ Մանուկեանի գլխաւորած «Երեւանի վարիչների Մարմին»ի յայտարարութիւնը կ՛ընկալուի իբրեւ մարտահրաւէր, կը դառնայ մէն մի հայու կարգախօսը, որուն մոգական ազդեցութեան տակ իրօք «ամէն բան» կ՛այլակերպուի, դասալքութիւնը կանգ կ՛առնէ, նահանջը կը վերածուի գրոհի, պարտութիւնը կը փոխուի յաղթանակի եւ . . . կ՛իրագործուի Հրաշքը»: (էջ 120)
Այդպէս ուրեմն: Ի՜նչ պարզ, կարճ ու կտրուկ պատում: Բայց, այս բոլորին հասնելու համար, տասնեակ տարիներու պատրաստութիւն կար: Յաղթանակը չիրագործուեցաւ մէկ օրէն միւսը: Տասը տարիներու խմորումներուն, յատկապէս մտաւորական մակարդակով, եւ ֆէտայիներու խիզախ մարտնչումներուն շնորհիւ եւ անուղղակի քաջալերանքով, կարելի է ըսել, հայ ժողովուրդը նուաճեց աննուաճելին, որովհետեւ… «դանակը ոսկորին էր հասած»:
1918ի Յունուարին սկսած էր հայ-թրքական պատերազմը, Արեւմտահայաստանը ազատագրելու համար: Արեւմտեան Հայաստանը գրաւելէ ետք, թուրք բանակը կը սկսի գրոհը դէպի Արեւելեան Հայաստան:
«1918ի Ապրիլ 23ին (նոր տոմար) Սէյմը կը յայտարարէ Անդրկովկասի անկախութիւնը: Ապրիլ 27ին, թուրքերը կը գրաւեն Բաթումը: Մայիս 11ին կը բացուի Բաթումի խորհրդաժողովը: Հայկական կողմը կը ներկայացնեն Յովհանէս Քաջազնունի, Ալեքսանդր Խատիսեան, Սիմոն Վրացեան: (էջ 118)
Այս վերջինին «Հայաստանի Հանրապետութիւն» հատորէն կ՛արտագրենք հետեւեալը. «Հարաւից ու արեւմուտքից թիւրքն էր գալիս՝ կոտորելով հանդիպող հային: Փախուստը այս պարագային հաւասար էր մահուան, ինչպէս եւ անձնատուր լինելը: Ելք չկար: Ելքը դիմադրութիւնն էր, կռիւը. քանի որ մահը անխուսափելի է, գէթ պատուով մեռնել… Եւ ահա կատարուում է հրաշքը»: (էջ 126)
Նոյն հատորէն կ՛արտագրենք նաեւ հետեւեալ բանաձեւը. «Անդր-կովկասի քաղաքական ամբողջութեան լուծումով եւ Վրաստանի ու Ադրբեջանի անկախութեան հռչակումով ստեղծուած նոր դրութեան հանդէպ, Հայոց Ազգային Խորհուրդը իրեն յայտարարում է հայկական գաւառների գերագոյն եւ միակ իշխանութիւն: Որոշ ծանրակշիռ պատճառներով թողնելով մօտիկ օրերը կազմել Հայոց Ազգային Կառավարութիւն, Ազգային Խորհուրդը ժամանակաւորապէս ստանձնում է կառավարական բոլոր ֆունկցիաները՝ հայկական գաւառների ղեկը վարելու համար:
Հայոց Ազգային Խորհուրդ
1918 թ. Մայիս 30, Թիֆլիս»
«Այս բանաձեւի հեղինակը Նիկոլ Աղբալեանն էր», կ՛աւելցնէ Սիմոն Վրացեան: (էջ 126)
Միշտ նոյն հատորէն առնուած, կը մէջբերենք Սիմոն Վրացեանի խօսքը. «Հայաստանի Խորհուրդի (խորհրդարան) պաշտօնական բացումը կը կատարուի 1918 Օգոստոս 1ին, Երեւանի մէջ, նախագահութեամբ Հայր Աբրահամի (Աւետիք Սահակեան) եւ մասնակցութեամբ 46 պատգամաւորներու՝ 38 հայ, 6 իսլամ, 1 Եզիտի, 1 ռուս: (էջ 128)
«Երբ իր խօսքն աւարտելուց յետոյ, Աւետիք Սահակեան արտասանեց՝ «Յայտարարում եմ Հայաստանի Խորհուրդի նիստը բացուած», դուրսը, խորհրդարանի շէնքի գլխին, բարձրացաւ Հանրապետութեան եռագոյն դրօշակը եւ հազարաւոր բերաններ որոտացին «կեցցէ՛»: Ծափահարութիւնները թնդացուցին օդը: Հնչեց «Մեր Հայրենիք»ը: Զօրքը բարեւի կեցաւ:» (էջ 128)
Խանդավառութիւն ստեղծող այս խօսքերը կը պարտինք նոյն հանրապետութեան չորրորդ վարչապետ՝ Սիմոն Վրացեանին:
—
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
ՏՈՔԹ. ԵՒ ՏԻԿ. ՄԻՍԱԿ ԵՒ ՀՈՒՐԻԿ ԱՊՏՈՒԼԵԱՆ