ՊԸՐՊԵՆՔ.- «Պըրպենք Լիտըր» թերթը կը հաղորդէ, որ Կլենտէյլի եւ Պըրպենքի ութ բնակիչներ ձերբակալուած են ապահովագրական խարդախութեան մեղադրանքով, երբ անոնք շինծու երկու միջադէպեր «բեմադրեցին»՝ ապահովագրական ընկերութիւններէն կորզելով 82 հազար տոլար։
Երկու տարի առաջ, քննիչներ նախազգուշացուցած էին, թէ 45ամեայ Սուրէն Գրիգորեանը ենթադրաբար ապահովագրական խաբեբայական պահանջ ներկայացուցած է իր ինքնաշարժին կապակցութեամբ, որ շարուած էր Պըրպենքի իր տան առջեւ: Տեղեկութիւն հաղորդողը կը պնդէր, թէ Գրիգորեան անձամբ վնասած էր իր ինքնաշարժը՝ ապահովագրողէն 20 հազար ստանալով:
Հետաքննութիւնը ցոյց տուաւ, որ մնացեալ եօթը կասկածեալները՝ Գրիգորեան ընտանիքի անդամներ եւ մտերիմ ընկերներ, ենթադրաբար կապ ունէին 2008ին պատահած շարք մը ինքնաշարժներու արկածներու հետ, որոնց հետեւանքով անոնք գանձած էին 62 հազար տոլար գումար մը:
Բացի Գրիգորեանէն, ձերբակալուած են նաեւ կասկածեալներ՝ 36ամեայ Այտա Յակոբեան, 62ամեայ Սեդա Մարգարեան, 74ամեայ Մամիկոն Յակոբեան, 49ամեայ Մասիս Գալստեան, 42ամեայ Ռոզա Գալստեան, 41ամեայ Ռոզա Իսայեան եւ 49ամեայ Սեթիկ Փաթաթանեան։ Անոնք բոլորը Պըրպենքի բնակիչներ են, բացառութեամբ՝ Սեթիկ Փաթաթանեանի ու Մասիս Գալստեանի, որոնք կը բնակին Կլենտէյլ։ Եթէ կասկածեալներուն դէմ կատարուած ամբաստանութիւնները հաստատուին, ապա իւրաքանչիւրին կը սպառնայ մինչեւ հինգ տարուան բանտարկութիւն ու մինչեւ 50 հազար տոլարի տուգանք։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.