
ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ախալցխա. նեթ».- Արդէն քանի մը տարիէ ի վեր Սամցխէ-æաւախքի երեխաները նուէրներ կը ստանան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ: Տուփերով նուէրները Վրաստան կու գան Միացեալ Նահանգներու աւետարանակAան եկեղեցւոյ բարեգործական ընկերութեան «Samaritans Purse»ի կողմէ:
Այս տարի եւս Ախալցխայի հոգեւորականները ստացան «Samaritans Purse» կազմակերպութեան նուէրները, զորս սկսան բաժնել Ախալցխա քաղաքի ու շրջանի բոլոր հայկական դպրոցներու երեխաներուն:
Երկու օրէն կը նախատեսուի նուէրներ բաժնել նաեւ Ախալցխայի մանկապարտէզներուն՝ հայ եւ վրացի մանուկներուն:
Նուէրները ամէն տարի մեծ ոգեւորութիւն կը պատճառեն աշակերտներուն։