ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 13 Փետրուարին ընդունած է Ռուսիոյ մէջ բնակող, ծնունդով վաղուհասցի խումբ մը բարերարներ։
Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է անոնց՝ մնայուն կերպով հայրենիքին նկատմամբ ցուցաբերած աջակցութեան համար՝ աւելցնելով, որ անոնց կողմէ կատարուող աշխատանքը կը նպաստէ Վաղուհաս գիւղի եւ Մարտակերտի շրջանի ընկերային-տնտեսական, մշակութային եւ հոգեւոր բնագաւառներու զարգացման:
Քննարկուած են նաեւ շարք մը նոր ծրագիրներու գործադրութեան առնչուած մանրամասնութիւններ։
Հանդիպման կը մասնակցէին նաեւ Մարտակերտի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Վլադիկ Խաչատրեանը, Վաղուհասի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս քահանայ Յովհաննիսեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.