ԵՐԵՒԱՆ, «Առաջին լրատուական».– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը նախագահական ընտրութիւններուն գծով իր վերջնական որոշումը պիտի հրապարակէ 14 Փետրուարին։
ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը «Առաջին լրատուական»ին տեղեկացուցած է, թէ խոստացուած ժամկէտին իրենց ընտրողներուն եւ համակիրներուն ուղղուած յայտարարութիւն-կոչ պիտի հրապարակուի:
Ան դիտել տուած է, որ նախ տեղի պիտի ունենայ ՀՅԴ ԳՄի նիստ, որուն ընթացքին այս գծով որոշում պիտի տրուի, ապա՝ հրապարակուի։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ նախապէս դաշնակցական պատասխանատուներու կողմէ ակնարկուած տարբեր ընտրանքներէն ո՞ր մէկը պիտի որդեգրէ ՀՅԴն՝ Ա. Համբարձումեանը չէ ուզած մանրամասնել: «Երբ մեր յայտարարութիւնը կը հրապարակուի, պարզ կը դառնայ, թէ մեր մօտեցումը որն է», յայտնած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.