ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 7 Փետրուարի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ ի յիշատակ Վարդանանց նահատակներուն։ Պատարագը մատոյց Վաղինակ Ծ. վրդ. Մելոյեան։ Պատարագիչ հայր սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Վարդանանցի խորհուրդին, եւ իր մտածումները հետեւեալ չորս կէտերուն մէջ ամփոփեց.
ա. Տեսիլք ունեցող մարդը միայն կրնայ պայքարիլ, եւ Վարդանանք ունէին տեսիլք։
բ. Վարդանանց պատերազմը հաւատքի ու հայրենիքի համար մղուած պայքար էր, եւ ուստի՝ գոյապայքար։
գ. Վարդանանց պայքարը հայ ժողովուրդի որոշ խաւին պայքարը չէր միայն, այլ՝ պայքարն էր համայն հայ ազգին։
դ. Վարդանանց նախընտրեցին ծառացումի ճամբան, քան՝ ծառայութեան ճամբան։
Պատարագէն ետք, միաբան հայրերը, Դպրեվանքի սաներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը, թափօր կազմած ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճ, ուր Արամ Ա. կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ Վարդանանց յիշատակին նուիրուած տօնակատարութիւն։
Դպրեվանքի սաներն ու ներկաները, գլխաւորութեամբ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի, երգեցին վարդանանց նուիրուած երգեր։ Դպրեվանքի սաներէն մի քանին Վարդանանց նուիրուած բանաստեղծութիւններ ասմունքեցին։
Ապա, վեհափառը իր պատգամը փոխանցելով ներկաներուն՝ ըսաւ. «Վարդանանց քաջամարտիկներուն պատգամը այսօր ուղղուած մեզմէ իւրաքանչիւրին՝ հաւատարմութիւն է։ Վարդանանց հաւատարմութեան ոգիով էր, որ դէմ դրին Յազկերտի հազարներ հաշուող բանակներուն դէմ, որովհետեւ ունէին գիտակցութիւնը հաւատարմութեան իրենց քրիստոնէական հաւատքին ու հայ ազգի պատկանելիութեան։ Եւ առ այդ, այսօր Վարդանանց մեզի կը պատգամեն, հաւատարի՛մ ըլլալ քրիստոնէական մեր հաւատքին ու արժէքներուն նկատմամբ։ Հաւատարի՛մ ըլլալ մեր ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ։ Հաւատարի՛մ ըլլալ մեր սկզբունքներուն ու աւանդութիւններուն»:
Շարունակելով իր խօսքը, հայրապետը ըսաւ. «Այսօր եւս Վարդանանց ճակատամարտ է, ի Հայաստան, յԱրցախ եւ Սփիւռս աշխարհի։ Այսօրուան պայքարը աւելի ահեղ է անցեալի պայքարներէն։ Այսօր որպէս ազգ կը գտնուինք համաշխարհայնացումի վտանգին դիմաց եւ պէտք է միջոցներ գտնէք կարելի եղածին չափ զերծ մնալու համաշխարհայնացումի պատճառած վնասներէն։ Եւ լաւագոյն միջոցը՝ հաւատարմութի՛ւնն է։ Հաւատարմութիւն անցեալէն եկող արժէքներուն ու սկզբունքներուն»:
Իր խօսքի աւարտին, վեհափառը կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, վերանորոգ հաւատքով հաւատարիմ մնալ Վարդանանց փոխանցած ոգիին ու նուիրուածութեան:
Հայրապետի պատգամէն ետք, Դպրեվանքի սաները երգեցին վեհափառին նուիրուած մաղթերգը եւ ներկաները մօտենալով կաթողիկոսին, ստացան անոր օրհնութիւնները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.