
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Ապրիլ» գրատան կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, Փետրուար 21ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, գրատան մէջ տեղի պիտի ունենայ Խորէն Արամունիի «Գլենդել. Խաշաթաղ» հատորի ներկայացումը:
Հատորը, որուն նիւթերը գրուած են Կլենտէյլի «Օրակարգ» ամսագիրին համար եւ որոնք կ՛առնչուին հայաշատ այդ քաղաքի կարեւոր նորութիւններուն եւ իրադարձութիւններուն, պիտի ներկայացուի Շուշան Կարապետեանի կողմէ: Գրադարանին հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205: