ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իթար-Թասս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով նշեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիէն ցարդ Մոսկուա այցելելու դիմում մը չէ ստացած, սակայն աւելցուց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ Մոսկուա պիտի այցելէ Փետրուար 25ին, իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հրաւէրով՝ Մարտի առաջին շաբթուան ընթացքին Ռուսիա պիտի այցելէ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Մոազ Խաթիպը:
Ան նշեց, որ նման հանդիպումներ կրնան երկխօսութեան առաջնորդել, «եթէ բոլոր կողմերէն բարի կամք ու շահագրգռուածութիւն ըլլայ»:
Մինչ այդ, Ռուսիա եւ Եւրոպական Միութիւնը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կոչ ուղղեցին՝ սուրիական ընդդիմութեան հետ երկխօսութեան առիթը չփախցնելու:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութեան զէնքի եւ զինուորական սարքերու մատակարարման շարունակումը Սուրիոյ մէջ կայունութեան հաստատման չի նպաստեր՝ նշելով, որ ընդդիմութեան զինումը «մեծ տարողութիւն կը ստանայ»:
Իր կարգին, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ չորս յաւելեալ մարտանաւեր Միջերկրական ծով պիտի ուղարկէ:
Նաեւ, սուրիական պաշտօնական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Դամասկոսի մէջ նախագահական պալատին մօտ ռումբեր ինկած են Երեքշաբթի օր, իսկ Չորեքշաբթի օր ռմբակոծուած է Դամասկոսի Պարզա շրջանը:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ ընդդիմութեան աղբիւրներ ազդարարեցին, թէ կրնան լիբանանեան «Հըզպալլա»ի դիրքերը ռմբակոծել Լիբանանէն ներս, եթէ այդ կուսակցութիւնը շարունակէ նպաստել Սուրիոյ իշխանութեանց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.