ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 21 Փետրուարին ընդունած է Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի ներկայացուցչութեան տնօրէն-գործավար Արփի Վարդանեանը: Հանդիպումին ընթացքին քն-նարկուած են միութեան կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող տարբեր ծրագիրներու առնչուող հարցեր։
Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է միութեան դերը հայրենիքի շէնացման ու զարգացման, Սփիւռքի հետ կապերու ընդլայնման, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ համահայկական կարեւորագոյն հիմնախնդիրներու արդարացի ներկայացման աշխատանքներուն մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.