
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի զօրակցի որեւէ ընտրական օրինագիծի, որ իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ իսկական հաւասարութիւն կ՛ապահովէ:
Ան նշեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը օրինակելի չէ՝ աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջադրած ընտրական օրինագիծը շատ աւելի լաւ էր, քան՝ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ներկայացուցածը:
«Պէտք է սակայն լաւ ըմբռնել այն պատճառները, որոնք մղեցին Ուղղափառ հանդիպումին նման օրինագիծ մը մշակելու եւ թէ ինչո՛ւ Մարտ 8ի եւ Մարտ 14ի քաղաքական երկու դաշինքներուն միջեւ մերձեցում կատարուեցաւ: Այսինքն՝ իսկական նուաճումը Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը չէ, այլ՝ քրիստոնեայ հակառակորդ կողմերուն մերձեցումն ու համաձայնութիւնը», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ համախոհական ընտրական օրինագիծի մը յանգելու համար լաւ օրինագիծ մըն է նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջարկածը:
Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց ճշգրիտ ներկայացուցչութեան եւ իսկական հաւասարութեան կարեւորութիւնը:
Ան ըսաւ, որ խորհրդարանին մէջ կան երեսփոխաններ, որոնք իրենց համայնքներուն իսկական ներկայացուցիչները չեն, որովհետեւ անոնք կը ստանան իրենց համայնքներուն քուէներուն 4 կամ 5 առ հարիւրը, մինչդեռ կ՛ընտրուին այլ համայնքներուն տեղացուցած քուէներուն շնորհիւ: Այս շրջագիծին մէջ Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ լիբանանահայութիւնը ի՛նք կ՛ընտրէ իր երեսփոխանները, եւ ոչ թէ ուրիշներ կը ճշդեն, թէ ո՛վ պէտք է ներկայացնէ զինք:
Երեսփոխան Բագրատունի բոլոր կողմերէն պահանջեց յարգել Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներուն իւրայատկութիւնը՝ աւելցնելով, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն վաւերացուցած Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը քրիստոնեայ համայնքին կողմէ ըմբոստութիւն կարելի է նկատել:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ կարելի չէ ազգային համերաշխութիւն ապահովելու նպատակով ամբողջ համայնք մը իրաւազրկել: «23 տարիէ ի վեր այդ իրաւազրկումը կը կատարուի քրիստոնեայ համայնքին հաշուոյն եւ ժամանակն է արդէն հաստատելու, որ իւրաքանչիւր համայնք ունի իր իրաւունքները, որոնք հաւասար կերպով բաժնուած են 50 առ հարիւրի համեմատութեամբ, այսինքն՝ ոչ ոք ստիպուած է միւսին իրաւունքներ շնորհելու: Պէտք է մէկը միւսին իրաւունքները յարգէ, որովհետեւ ոչ մէկը մուրացկան է եւ իր իրաւունքները մուրալու տրամադրութեան մէջ», նշեց Յ. Բագրատունի:
Երեսփոխան Բագրատունի կարեւոր նկատեց քաղաքական դաշինքները այլ ոչ թէ ժամանակաւոր ընտրական դաշինքները, որոնք պարզապէս կը միտին հասնիլ խորհրդարան: «Նախընտրելի է դառնալ համայնքին իսկական ներկայացուցիչը եւ աշխատիլ ապահովելու համար լիբանանցի ժողովուրդին եւ Լիբանանին շահերը», աւելցուց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի խստիւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ տիրող ուղղահայեաց երկփեղկումը եւ իրարու դէմ լարուածութիւնն ու իրարու հասցէին կատարուած վարկաբեկումները: