ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի եւ Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպան Տեան Չանչունի միջեւ կայացած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Երեւանի եւ Ուռումչի քաղաքներուն միջեւ համագործակցութեան հեռանկարները:
Անդրադառնալով հայ-չինական յարաբերութիւններու ներկայի բարձր մակարդակին՝ քաղաքապետը նկատել տուած է, որ վերջին շրջանին յատկապէս աշխուժացած են տնտեսական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
«Հայաստանի եւ Չինաստանի մայրաքաղաքների միջեւ ստորագրուել է համագործակցութեան վերաբերեալ յուշագիր, որն ընդգրկում է տարբեր ուղղութիւններ: Ակնկալում ենք նաեւ Ձեր աջակցութիւնը ինչպէս Երեւանի եւ Ուռումչիի, այնպէս էլ Չինաստանի այլ քաղաքների հետ երկկողմ կապերի հաստատման հարցում: Ուռումչին խոշոր արդիւնաբերական քաղաք է եւ, կարծում եմ, կան ոլորտներ, որտեղ կարելի է փոխշահաւէտ համագործակցութիւն ծաւալել», նշած է Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը:
Դեսպանը ընդգծած է, որ չինական կողմը հետաքրքրուած է Երեւան քաղաքի ներդրումային դաշտով եւ պատրաստ է մասնակցելու նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի յայտարարած միջազգային մրցումներուն՝ երկկողմանի համագործակցութեան եւ ներդրումային ծրագիրներու իրականացման համար: «Կը կարծեմ, թէ յաջողութեան պարագային ասիկա պիտի ըլլայ համագործակցութեան այլ առիթ մը՝ երկու երկիրներուն միջեւ», դիտել տուած է ան։
Շնորհակալութիւն յայտնելով պատրաստակամութեան համար՝ Երեւանի քաղաքապետը ներկայացուցած է Երեւան քաղաքի ներդրումային դաշտի կարելիութիւնները եւ համագործակցութեան բնագաւառները՝ յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առնելով բազմաբնակարան շէնքերու վերելակային տնտեսութեան կառավարման, հանգիստի գօտիներու ստեղծման, պանդոկային համալիրներու շինարարութեան եւ այլ ոլորտները: Երեւանի քաղաքապետը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած է՝ Չինաստանի կառավարութեան կողմէ Հայաստանին տրամադրուած 249 քաղաքային փոխադրակառքերուն համար, որոնց հիմնական մասը արդէն համալրած է Երեւանի հասարակական փոխադրութեան ցանցը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.