ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի նախագահական նախկին թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեանի շրջանակը տակաւին չէ քննարկած Սահմանադրական դատարան դիմելու հարցը: Այս մասին նշած է Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեանը 27 Փետրուարին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ Ըստ անոր, քննարկումը տեղի չ՛ունենար Րաֆֆի Յովհաննէսեանի մարզեր տուած այցելութիւններուն պատճառով։
«Րաֆֆի Յովհաննիսեանի հանրահաւաքները կարեւորւում են նրանով, որ ակտիւութիւն մտցրին ոչ միայն Երեւանի, այլեւ մարզերի բնակչութեան կեանքում», յայտնած է Մարտիրոսեան: Ան համոզուած է, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի տարած պայքարը օրէնքի ծիրին մէջ կը գտնուի: Արմէն Մարտիրոսեան նշած է, որ իրենք տակաւին կ՛առաջնորդուին երկխօսութեամբ, սակայն նաեւ ունին պայքարի այլ ձեւեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.