ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Փետրուար 28ին, Ռուսիա այցելող Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի ու հիւրընկալ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ հանդիպումը ակնկալուածէն աւելի երկար տեւած է եւ անոր ընթացքին քննուած գլխաւոր հարցը եղած է Սուրիոյ տագնապը: Լարուած մթնոլորտի մը մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Հոլանտ յայտարարեց, թէ ինք նշած է Սուրիոյ ընդդիմութեան եւ իշխանութեանց միջեւ երկխօսութեան նոր տարազ մը գտնելու կարեւորութեան մասին, մինչ Փութին շեշտած է, թէ Մոսկուա կրնայ իր գործակիցներուն ներկայացուցած նոր առաջարկները քննել՝ «վոտքայի շիշի մը շուրջ, որովհետեւ մէկ շիշ գինին բաւարար պիտի չըլլայ», եւ իբրեւ «միջին եզր»՝ Հոլանտ առաջարկած է «փորթի շիշի մը շուրջ» կատարել խորհրդակցութիւնը:
Ապա երկու ղեկավարերը իրենց յայտարարութիւններով ցոյց տուին, թէ կը շարունակեն տարակարծիք մնալ եկխօսութեան մէկ մասնիկը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը դարձնելու հարցին շուրջ:
Միւս կողմէ, Իրաքի փոխադրամիջոցներու նախարար Հատի Ամիր յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ եւ Քաթարի կողմէ սուրիացի զինեալներուն ցուցաբերուող զօրակցութիւնը համազօր է Իրաքի դէմ պատերազմի մը յայտարարութեան, որովհետեւ այդ զինեալները սերտ կապեր ունին «Քայիտա»ի հետ, եւ աւելցուց. «Թուրքիա եւ Քաթար ձախողութեան կը մատնեն Սուրիոյ տագնապը խաղաղօրէն լուծելու ճիգերը»:
Նաեւ, Դամասկոսի դէմ զինեալ պայքար մղող Սուրիական ազատ բանակի «սպայակոյտի պետ» Սելիմ Իտրիս յայտնեց, որ բանակը պիտի հակադարձէ լիբանանեան հողերէն իրենց դէմ կատարուելիք որեւէ յարձակումի, իսկ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ցաւ յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին մէջ լիբանանեան տարրեր «բացայայտուած են», ինչ որ կը հակադրուի այդ տագնապին նկատմամբ չէզոք մնալու Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.