ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա», «Հայելի».– «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը հինգ տարի առաջ չմիացաւ ընդդիմութեանը կեղծուած ընտրութիւնների դէմ դուրս եկած քաղաքական ուժերին եւ աւելին, կազմեց կոալիցիա, որովհետեւ այդ պայքարի վերջը չէր տեսնում, իսկ այսօր միացել է ընդդիմութեանը, քանի որ յստակ լուծումներ տեսնում է», յայտնած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան՝ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:
«Չի կարելի մտնել մի պայքարի մէջ, որի վերջը չի երեւում: 2008ին, ընդհակառակը, տեսնում էինք, որ կարող է յանգեցնել արիւնահեղութեան, եւ եթէ յիշում էք ցոյցեր էինք անում, խաղաղութեան կոչեր արեցինք եւ նշեցինք, որ այս ճանապարհը արիւնահեղութեան ճանապարհ է. եւ ո՞ւր տարաւ: Հիմա մե՞նք էինք ճիշդ, թէ ով: 2008ին 10 զոհերի պատասխանն ո՞վ է տալու եւ ի՞նչ, դրանից մեր երկիրը շահե՞լ է. ոչ չի շահել», նշած է ան:
Արմէն Ռուստամեան բացատրած է, թէ այսօր ինչո՛ւ իրենք միացած են Րաֆֆի Յովհաննէսեանին: Առաջին հերթին, ըստ անոր, իրենք Ազատութեան հրապարակին վրայ են, որովհետեւ ժողովուրդին զգալի մասն այդտեղ է: «Երկրորդը՝ սահմանադրական, օրինական ճանապարհով առաջ գնալու խնդիր է դրուած եւ երրորդը, որ շատ կարեւոր ու յստակ է, կոնկրետ օրակարգով եւ հեռանկարով լուծումներ ունենք, քայլ առ քայլ», դիտել տուաւ պատգամաւորը:
Արմէն Ռուստամեան խօսած է նաեւ Ազգային ժողովի փակ խորհրդակցութեան մասին՝ նշելով, որ միացեալ յայտարարութիւն կը մշակուի: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնած է Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանին՝ ընդդիմութեան հետ բանակցութիւններու սկսելուն համար: Ըստ անոր, այս քննարկումները լաւագոյն ուղին են առկայ խնդիրները լուծելու: «Բանակցութիւնները ընթանում են, իսկ բանակցութիւնների ընթացքում չեն բացառւում նաեւ կոմպրոմիսներ: Եթէ մեր առաջարկած երեք կէտերը ընդունուեն, ապա մենք կարող ենք ասել, որ ունենալու ենք որակապէս նոր երկիր», նշած է Արմէն Ռուստամեանը:
Արմէն Ռուստամեան նշած է, որ եթէ ներկայացուած երեք կէտերը կատարուին, այսինքն՝ երկրի կառավարման կիսանախագահականէն անցում կատարուի խորհրդարանականի, անցում 100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգի, նոր ընտրութիւններ կատարուին եւ վերահսկողութեան համակարգը յանձնուի ընդդիմութեան՝ որպէս հակակշիռ իշխանութեան, ապա երկիրի իւրաքանչիւր քաղաքացի շատ լուրջ փոփոխութիւններու ականատես պիտի ըլլայ, պիտի ստեղծուի ամբողջովին նոր Հայաստան մը:
Ռուստամեան Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասին խօսելով՝ ըսած է. «Աւագանու մասով մենք դեռ չենք քննարկել, չեմ ուզում հիմա ինչ որ բաներ ասել, որոշ տեսակէտներ ունենք, բայց դեռ չեմ ուզում հրապարակել: Ամէն ինչ կախուած է այս ընթացքից, ես ճիշդ եմ համարում համախմբուած գնալ այդ ընտրութիւններին, պարոն Րաֆֆի Յովհաննէսեանն էլ, կամայ, թէ ակամայ, դարձաւ միասնական թեկնածու»:
Լրագրողներուն խնդրանքով Արմէն Ռուստամեան անդրադարձած է Ր. Յովհաննէսեանի այն յայտարարութեան, որ Ազգային ժողովի արտակարգ նիստի հրաւիրելը իր պահանջքը եւ փափաքը չէ:
«Ես, անկեղծ ասած, դժուարանում եմ իրենց հասկանալ, այսինքն ինչպէ՞ս կարող է, որ ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութիւնը ՀՅԴ կուսակցութիւնից անկախ գործել: Նման բան մեզ մօտ չի կարող տեղի ունենալ, եւ ես չեմ կարծում, որ դա ճիշդ է: Այն, ինչ մենք անում ենք ԱԺում, ուղղակիօրէն այն խնդիրներն ու որոշումներ են, որոնք կայացրել է կուսակցութիւնը, մենք իրականացնում ենք խմբակցութեան մակարդակով: Սա արդէն ամէն կուսակցութեան գործեալոճի հարցն է, բայց ինձ համար, մեղմ ասած, տարօրինակ է, որովհետեւ ֆրակցիան չի կարող կուսակցութիւնից անկապ, անկախ եւ անհասկանալի տրամաբանութեամբ գործել», հաստատած է ան։
Ան նաեւ նշած է, որ ՀՅԴն իր մօտեցումները պիտի ներկայացնէ նաեւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանին:
Անդրադառնալով այն իրողութեան, որ ցարդ չեն բացայայտուած եւ պատասխանատուութեան չեն ենթարկուած 1 Մարտի սպանութիւններուն յանցագործները, ՀՅԴի պատգամաւորը նշած է, որ ատիկա իրեն համար շատ անհասկնալի է։ «Ողբերգութիւնը չի բացայայտուել, սակայն ակնյայտ էր, որ կային տեսագրութիւններ եւ ձայնագրութիւններ, որոնք կարող էին դառնալ լուրջ փաստեր, եւ նպաստէին յանցագործութեան բացայայտմանը: Խնդիրը մնում է օրակարգում եւ տասը մարդկանց սպանութիւնները ժամանակակից դարում չբացայայտելը անհասկանալի է, կասկածանքը պահելով, այս էջը չենք կարող փակել», նշած է Արմէն Ռուստամեան։ Անոր համաձայն, յանցագործութեան չբացայայտուիլը մութ ու անընդունելի է ո՛չ միայն քաղաքական ուժերուն համար, այլ նաեւ հասարակութեան:
Լրագրող մը հարց տուած է, թէ ի՞նչ է Ռուստամեանին կարծիքը մամուլին մէջ շրջան ընող այն տեղեկութիւններուն մասին, որոնց համաձայն, Րաֆֆի Յովհաննէսեանի կինն ու որդին Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ են. ան ըսած է. «Մենք էնքան կարեւոր հարցեր ունենք լուծելու, որ դրանք էական չեն, իմ համար հայը հայ է, որտեղի քաղաքացի էլ լինի, էդպիսի տարանջատումները ես չեմ ընդունում»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.