
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Բարեւ»ը Հայաստանի մէջ այսօր ժողովրդային նոր շարժումի խորհրդանշական կարգախօսն է: Մեր կողմէ, նոյն կարգախօսով կը դիմենք Կլենտէյլի եւ Պըրպենքի հայութեան, կ՛ողջունենք այս հզօր համայնքին մաս կազմող բոլոր միութիւնները, հայկական թէ հանրային կրթական օճախներ յաճախող աշակերտութիւնը, արուեստի կեդրոնները, եկեղեցիները, բոլոր-բոլոր հայերը:
Կ՛ողջունենք ու մեր էջերը կը բանանք բոլորին, հայ հասարակական-քաղաքական գործիչներուն, մտաւորականներուն, արուեստագէտներուն, տաղանդներուն, ձեռնարկատէրերուն, հաստատութիւններուն:
Մեր կողմէ՝ մենք ամէն ճիգ պիտի թափենք, որ ամբողջականօրէն ներկայացուին Կլենտէյլի ու Պըրպենքի հայութեան առօրեան, հայերու իրագործումները, յաջողութիւնները, յաղթանակները, մտահոգութիւնները եւ տագնապները:
Մենք պիտի փորձենք հասնիլ բոլորին: Թերթի բաշխումը հետզհետէ պիտի կատարելագործուի, այնպէս, որ կարենանք հասանելի դառնալ բոլոր փափաքողներուն:
Մեր փառասիրութիւնն է ներկայացնել «Ասպարէզ»ի մէկ օրուան արտադրանքը, ամէնօրեայ թերթի բաժանորդագրութեամբ հետաքրքրել կլենտէյլցին ու պըրպենքցին՝ վստահեցնելով, որ հայկական կեանքին հետ մշտականօրէն հաղորդ մնալու համար՝ «Ասպարէզ»ը լաւագոյն միջոցներէն մէկը կը հանդիսանայ:
Բոլոր անոնց, որոնք տեղեակ չեն, ըսենք, թէ «Ասպարէզ» լոյս կը տեսնէ շաբաթը հինգ անգամ, Շաբաթ օրերը՝ երկլեզու: Բաժանորդագրութիւնը տարեկան $100 է, որուն դիմաց բաժանորդը կը ստանայ տարին 250 թերթ՝ օրական նուազագոյնը 16 էջ, իսկ Շաբաթ օրերը՝ 24, անգլերէնը՝ 16: Ան պիտի ստանայ նաեւ Կլենտէյլի այս յաւելուածը՝ իր հասցէով: Ամբողջական լրատուութիւն հայկական աշխարհէն՝ տեղական, հայրենական թէ սփիւռքեան, յօդուածներ, վերլուծումներ, այս բոլորը՝ տարուան կտրուածքով, օրական 30 սենթի չնչին արժէքով:
Նաեւ, այս սիւնակէն կը հրաւիրենք Կլենտէյլի եւ Պըրպենքի բոլոր միութիւններն ու հաստատութիւնները՝ իրենց գործունէութեան ու ծրագիրներուն մասին «Ասպարէզ»ին տեղեկութիւններ փոխանցելու: Ահա միջոց մը կը տրամադրուի բոլորին, համայնքը տեղեակ պահելու համար իրենց մասին, իրենց ձեռնարկներուն մասին:
Կը հրաւիրենք նաեւ շրջանի ձեռնարկատէրերը, խանութպանները, արհեստաւորները, արհեստագէտները՝ իրաւաբաններ, բժիշկներ, հաշուապահներ, եւ այլն, իրենց ծառայութիւնները ծանուցելու «Ասպարէզ»ի էջերէն: Մենք վստահ ենք, որ գոհ պիտի մնաք արդիւնքներէն:
Ահա՛ մենք ճամբայ ելանք Կլենտէյլի այս ամէնհինգշաբթեայ յաւելուածով: Կը յուսանք, որ գոհ պիտի թողունք ձեզ:
Andaragouys, Kachalerenk mer miag Terte ASBAREZE Mer Kaghapare meshagogh yev Zarkatznogh vorbesi garoghanank Miasin Baykarelov Shnorhenk Hayoon verchin Michazgayin Kaghakagan Zarkatzoumneroon,Shdabenk Ays Vargianin Heratzaynelov ASBAREZIN Pazhanortakrvelou Aysorvne, ASBAREZE MEZME AE MEZ HAMAR!!!