ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան հրաւէրով, Ուրբաթ, Փետրուար 22ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մեծ Պահոց հսկումի արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ եղբայրակցութեան կեդրոնին մէջ։ Սրբազանին կ՛ընկերանային Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Խաչիկ սրկ. Շաննագեան։
Հսկումի արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ՝ երկար տարիներ եղբայրակցութեան ատենապետի պաշտօնը վարած անձնդիր մշակ Արշակ Գալէնտէրեանի մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։ Առաջնորդը, իր հոգեւոր պատգամին մէջ անդրադարձաւ Մեծ Պահոց քառասնօրեայ խորհուրդին, պահեցողութեան իմաստին, ինչպէս նաեւ վեր առաւ հոգեւոր քարոզախօսութեանց ճամբով հանգուցեալ Արշակ Գալէնտէրեանի նուիրեալ ծառայութիւնը։
Եղբայրակցութեան անդամներ եւ յատկապէս մանուկներ ու պատանիներ կարդացին Ներսէս Շնորհալի հայրապետի «Հաւատով Խոստովանիմ»ը, ապա ներկայացուցին կոկիկ յայտագիր մը՝ ձօնուած Արշակ Գալէնտէրեանի յիշատակին։
Առաջնորդը այս առիթով եղբայրակցութեան յանձնեց յուշանուէր մը՝ Ազգ. առաջնորդարանին կողմէ լոյս ընծայուած Տէրունական աղօթքի գեղատիպ մէկ օրինակը։
Աւարտին տեղի ունեցաւ պահոց ճաշերու հիւրասիրութիւն եւ սրտի խօսքեր արտասանուեցան Սարգիս Տօղրամաճեանի եւ տոքթ. Արշակ Գազանճեանի կողմէ։
Երեկոն վերջ գտաւ հայր սուրբի փակման աղօթքով եւ «Պահպանի»չով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.